Աղաւնոյի Մէջ Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղը Արցախ-Մայր հայրենիք սահմանին վրայ է, այսօր՝ միջազգային բառակապակցութեամբ ըսուած, Լաչինի մարդասիրական միջանցքին սկիզբը:

Շրջանի առաջին բնակավայրն էր, ուր 1992-ի ամրան վերաբնակիչներ եկան Արցախի Մարաղա, Չայլու, Գետաշէն եւ թշնամիի տիրապետութեան տակ անցած այլ բնակավայրերէ: Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառով դատարկուեցաւ Քաշաթաղի շրջանը, կը ստիպէին, որ Աղաւնոյէն ալ բնակիչները դուրս գային: Սակայն, համայնքապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի, որ, ի դէպ, 5 անչափահաս զաւակ ունի, եւ բնակիչներու հայրենասիրութեան, հողին տէր մնալու, հայրենիքը չլքելու վճռականութեան շնորհիւ կ՝ապրի Աղաւնոն՝ իբրեւ հայոց բնակավայր, եւ ունի դպրոց: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ hhpress.am-ի մէջ Զոհրապ Ըռքոյեանի կատարած գրութենէն։

Գարեգին Նժդեհի անունը կրող Քաշաթաղի շրջանի առաջին կրթօճախը սկսած է գործել 1994 Սեպտեմբերին: 9 աշակերտ եւ մէկ ուսուցիչ կը յաճախեն Բերձոր քաղաքէն: Այսօր հեռախօսով կապ հաստատեցի Աղավնոյի գյուղապետի եւ դպրոցի տնօրենի հետ: Ըստ տնօրէնին՝ դպրոցը բոլոր դասանիւթերուն համար ուսուցիչներ ունի: Այս օրերուն դպրոցին մէջ նոյնիսկ կ՝ընթանան վերանորոգման աշխատանքներ: Հիմնովին կը նորոգուին քանի մը դասասենեակ, դահլիճը եւ գրադարանը:

Գիւղը մշտապէս եղած է Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ուշադրութեան կեդրոնին վրայ: Տարիներ առաջ լիբանանեան «ARI» (Artsakh Roots Investment) հիմնադրամին ծրագիրով այնտեղ կառուցուեցաւ մօտ 70 բնակելի առանձնատուն, իրականացուեցան այլ աշխատանքներ: Այժմ նոյնպէս Սփիւռքը կ՝օգնէ Աղաւնոյին: Դեռեւս անցած Դեկտեմբերին Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ի պատուիրակութիւնը ժամանած էր Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, ուր յստակացած էին շարք մը ծրագրեր:

Այժմ Աղաւնոյի մէջ, «Արցախ Ֆոնտ»-ի ֆինանսաւորումով մանկապարտէզ կը կառուցուի: Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի տեղեկութիւններով՝ մինչեւ Սեպտեմբեր մանկապարտէզը պատրաստ պիտի ըլլայ եւ պիտի ընդունի մոտ 10 երեխայ: Գոյքի հարցը պիտի լուծուի Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին միջոցով: Այժմ կ՝ընթանան շինարարական աշխատանքներ:

Զոհրաբ ԸՌՔՈՅԱՆ

hhpress.am