Վագըֆի Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ

Էրկիր, Սփիւռք

Համաճարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 13 Մարտին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Շահէն քհնյ. Օհանեանի։ Արարողութեան ներկայ էին ատենապետ Ճէմ Չափարի գլխաւորած Ծխական խորհուրդի անդամներ, գիւղապետ Պերճ Քարթուն եւ հաւատացեալներ։

Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին պատգամը։

Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեւորականներ գիւղի գերեզմանատունը համախմբուեցան եւ գիւղի երբեմնի աւագերէցներ Ղեւոնդ Ա. քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Ա. քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ։

Արարողութեան աւարտին Աւետիս քահանան եւ Վագըֆ գիւղի Ծխական խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին պատրիարքին իր հայրական հոգածութեան համար։ Անոնք նշեցին, որ Վաքգֆը Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը ըլլալու հանգամանքը կը պահէ։ Այցելու քահանաները, առիթը ունեցան նաեւ գիւղի բնակիչներուն հետ զրուցելու եւ գիւղին Պոլսոյ զօրակցութիւնը յայտելու։