«Համազգային»ը եւ ԵՊՀ-ն Յակոբ Կարապենցին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով Կը Նախաձեռնեն

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնն ու Երեւանի պետական համալսարանը 2021 Սեպտեմբեր 23-ին կը նախատեսեն կազմակերպել միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած արձակագիր, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Յակոբ Կարապենցին։ Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանիօրէն, գիտական արդիական չափանիշներով քննելու եւ արժեւորելու Յակոբ Կարապենցի գրական ժառանգութիւնը եւ հասարակական գործունէութիւնը:

Գիտաժողովին կրնան մասնակցիլ գիտնականներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Զեկուցումներուն յայտերը եւ զեկոյցները կ՝ընդունուին մինչեւ 2021 Օգոստոս 15։

Յայտերը ներկայացնել՝

«Համազգային»ի գրասենեակ`

Մաշտոցի 37/14, հեռ. + (374) 10 53 39 49,

ել հասցէ.՝ hayastan@hamazkayin.com,

ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունք`

Աբովեան 52ա,

հեռ. + (374) 60 71 06 24, ել․ հասցէ.՝ armphilology@ysu.am: