Լաթվիայի Յայտնի Մտաւորականներն ու Մշակոյթի Գործիչները Ազրպէյճանին Կոչ Կ՝ընեն Արագացնելու Ռազմագերիներու Վերադարձը

Աշխարհ, Հայաստան

Լաթվիոյ յայտնի արուեստագէտներ, մտաւորականներ ու մշակոյթի գործիչները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ կոչ ընելով Ազրպէյճանին արագացնելու զոհերու մարմիններու եւ ռազմագերիներու վերադարձը Հայաստան: Այս մասին կը յայտնեն Լաթվիոյ, Լիթվանիոյ եւ Էսթոնիոյ ՀՀ դեսպանութենէն:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.

«Մենք, Լաթվիոյ Հանրապետութեան արուեստագէտներս, մտաւորականներս ու մշակոյթի գործիչներս, հաւատալով մարդկային արժէքներու կարեւորութեան եւ միանալով մեր լիթվիացի գործընկերներուն, կոչ կ՝ընենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն չխոչընդոտելու ռազմագերիներու եւ գերիի կարգավիճակի մէջ պահուող այլ անձերու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղեան վերջին պատերազմին ռազմական գործողութիւններու ժամանակ սպաննուած ու զոհուած զինուորներու մարմիններու անյապաղ վերադարձին Հայաստանի Հանրապետութիւն: Մեր տեղեկութիւններով՝ Հայաստանը արդէն վերադարձուցած է Ազրպէյճանի բոլոր ռազմագերիները:

Մենք կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան միանալու այս մարդասիրական նախաձեռնութեան՝ ատով իսկ օգնելով վերջին պատերազմին պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ (Արցախ) մարդասիրական աղէտի յաղթահարման»: