Ակնարկ. Գլխաւոր Շտապի Սահմանադրական Իրաւասութեան Առաջին Կէտը. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը իբրեւ ռազմական յեղաշրջման փորձ մեկնաբանելը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Զինուորական յեղաշրջումը ընդհանրապէս կը կատարուի յանկարծակի, պետական շէնքերու համապատասխան գերատեսչութիւններու կեդրոններու գրաւումով եւ ապա այդ բոլորին բացատրութիւնը փոխանցող յայտարարութիւններով։ Երբ որեւէ գործողութիւն չէ արձանագրուած, որեւէ զինուորական տեղաշարժ չէ կատարուած, ապա ռազմական յեղաշրջումի փորձի ամբաստանութիւն կատարելը առնուազն հեռու է իրականութենէ եւ բնականաբար այլ նպատակ կը հետապնդէ։

Նախ՝ թէ՛ ներհասարակական առումով հանրային կարծիքը ապակողմնորոշել,  եւ թէ նման յորդորով ու պահանջով հանդէս եկած  ընդհանուր հրամանատարական կազմը հեղինակազրկել, ապա արտաքին ուղերձ յղել եւ մէկ կողմէ դատապարտանքի ու միւս կողմէ զօրակցութեան ալիք բարձրացնել։

Երկրորդ, եթէ վարչապետի մակարդակով կը հնչէ նման մեղադրանք, ապա, այս ձեւով ամբողջ  գերագոյն սպայակազմը կը յայտնուի մեղադրանքի աթոռին։ Փաստօրէն, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը լրիւ կազմով սահմանադրական կարգի տապալման յանցանքով մեղադրուած է, անշուշտ՝ ըստ վարչապետին։ Խնդիրը, հետեւաբար, ընթացիկ պաշտօնազրկումներով չ՛աւարտիր, եթէ անշուշտ իրադարձութիւնները այլ ընթացք չստանան։

Հիմա գանք նման պահանջի սահմանադրականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելուն։ Ճիշդ է, որ գործող Սահմանադրութիւնը ունի դրոյթ, ուր կ՛արձանագրէ, որ զինուած ուժերը քաղաքական հարցերու մէջ պէտք է պահպանեն չէզոքութիւն։ Զինուած ուժերուն վերապահուած Սահմանադրութեան 14-րդ յօդուածի առաջնային կէտը, սակայն, կ՛ըսէ․-

«Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերն ապահովում են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանների անձեռնմխելիութիւնը»:

Այստեղ պարզ է, որ նոյեմբեր 9-ի յանձնուողական յայտարարութենէն ետք, խոցելի դարձած էին Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ նոյնիսկ տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ նկատի ունենալով սահմանազատման-սահմանագծման գործողութիւններու միակողմանի զիջումները։

Ընդհանուր հրամանատարութիւնը այս պարագային պարզապէս յայտարարութիւն կատարած է՝ իր սահմանադրական իրաւասութիւններու հիմնադրոյթէն մեկնած։

Յայտարարութեան ենթահողը որոշ ժամանակէ ի վեր պատրաստ էր արդէն։ Հարցը նման դրսեւորում ունեցաւ, երբ ընդհանուր հրամանատարութեան առաջին տեղակալի պաշտօնազրկումը ստրորագրեց վարչապետը։ Պատճառը անոր ծիծաղիլն էր՝ «Իսկանտար» հրթիռի օգտագործման մասին վարչապետին կատարած յայտարարութեան։

Այստեղ արդէն հարցը այլ մտահոգիչ հանգամանքներ ունի։ «Իսկանտար»-ի գործարկման, չգործարկման կամ մասնակի գործարկման հաւանականութեններէն անդին խնդիր հետեւեալ իրականութեան մէջ կը կայանայ։

Այս անորոշութեան փարատումին նպաստեց Մոսկուայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, երբ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այդ զինատեսակը չէ օգտագործուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին։

Վարչապետը ստացած է սխալ զեկուցում, յայտնապէս։ Նոյնքան յստակութեամբ պարզ դարձաւ, որ այդ զեկուցումը վարչապետը չէ ստացած զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան կողմէ։ Պաշտօնազրկուած տեղակալին ծիծաղը պարզապէս այդ մասին կը վկայէ։ Հիմա մտածենք, թէ վարչապետը կամ սահմանադրական իրաւադրոյթով պատերազմի ընթացքին զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը նման զեկուցում սկզբունքով պիտի ստանայ միայն զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան գլխաւոր հրամանատարէն։ Հետեւաբար, ո՞վքեր էին, որոնք պատերազմի ողջ ընթացքին կ՛ուղղորդէին կամ  կը զեկուցէին վարչապետին։

Ժողովրդավար կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ նման իրողութիւններ կ՛առաջնորդեն գլխաւոր պատասխանատուի ինքնակամ հրաժարումին, այլապէս՝ պաշտօնազրկումին։