Վեհափառ Հայրապետներուն Արձագանգը` Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն

Հայաստան, Սփիւռք

25 Փետրուարին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները արտայայտեցին իրենց կեցուածքները:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով ըսաւ. «Յետպատերազմեան ճգնաժամային այս իրավիճակին մէջ, երբ հայրենիքը կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, մեղադրանքներու եւ քաղաքական հաշուեյարդարներու չընդհատուող կոչերը կը վտանգեն ազգային միաբանութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Մայր աթոռը անթոյլատրելի եւ կործանարար կը համարէ իրավիճակին յետագայ սրումը` կոչ ընելով մեր ժողովուրդին դրսեւորելու խոհեմութիւն եւ պատասխանատւութիւն, չտրուելու սադրանքներուն եւ զերծ մնալու քաղաքացիական բախումներէն:

Մայր աթոռը կը յորդորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, Ազգային ժողովի նախագահին, կառավարութեան անդամներուն եւ բոլոր քաղաքական ուժերու առաջնորդներուն՝ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակէն ելքեր փնտռելու բանակցային սեղանի շուրջ` ի սէր մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի:

Թող Ամենախնամն Աստուած իր Սուրբ Աջի հովանիին ներքոյ խաղաղութեան եւ անդորրի մէջ պահէ մեր հայրենի պետութիւնն ու մեր ժողովուրդը»:

Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մեր պատմութեան հին թէ նոր փոթորիկները, մեր հին թէ նոր թշնամիները չկրցան քանդել մեր տունը` Հայաստանը: Մենք չքանդենք զայն: Մենք պատասխանատու ենք ու համարատու մեր սուրբերուն եւ նահատակներուն ու մեր պատմութեան դիմաց:

Հայաստանի գերագոյն շահերը պէտք է ամէն բանէ վեր մնան: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր բոլորին մօտեցումը այսօ՛ր եւ մի՛շտ»: