ՍԼԱՔՆԵՐ.- «Նորեր»-ը՝ «Հիներ»-ուն Հետքերով… Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Փետրուարը Հայաստանի մէջ բացուեցաւ քանի մը մտահոգիչ տեղեկութիւններով, որոնցմէ քաղեցինք հետեւեալ մէկ քանին՝ մանր մեկնաբանութիւններով, տարածունը ձգելով ընթերցողին:

Ա. Հարցաքննութեան կանչուած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի մէկ խորհրդականը՝ Դաւիթ Գալստեան (ինչո՞ւ չէ ձերբակալուած, մի՛ հարցնէք): Զէնքի վաճառական է. մեղադրուած է աւելի քան 500 միլիոն տոլարի իւրացուցած ըլլալու եւ խարդախութիւն ընելու յանցանքներով: Կ’ըսուի, թէ մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, բանակին համար զէնք ու զինական կազմածներ գնած-բերած է Հայաստան, սակայն ի յայտ եկած է, որ մթերքը անորակ էր, չէր համապատասխաներ գնման պայմանագիրին (շշուկներ կան, որ մթերքէն մաս մըն ալ Հայաստան չէ հասած, ծախուած է այլ երկրի մը…): Այս զէնքերուն գնման առիթով, վարչապետ Փաշինեան օրին հպարտութեամբ յայտարարած էր, որ բանակին բոլոր կարիքները բաւարարուած են: «Ամենագէտ ու ամենազօր դուխով մարդը» ի՞նչ յանցանք ունի, երբ մօրուքին տակէն նման ջուրեր կը հոսին: Որո՞ւ միտքէն կ’անցնէր, որ 44 օրուան պատերազմը ի յայտ պիտի բերէր, թէ «նորերու» օրով ալ չարաշահութեան մասին զրոյցները ճիշդ են եղեր: Վաղը նման գայթակղութիւն կրնայ արդարացուիլ վարչապետին կամ այլ իշխանաւորի մը կողմէ, «հիներ»ուն հաշւոյն. «Առռա՜, հնե՛րն էլ էին գողանում»…

Բ. Պատերազմի օրերուն, իշխանութեան սուտերուն ցաւալիօրէն թարգմանը հանդիսացած Արծրուն Յովհաննիսեան եւս միացած է չքմեղանքներու արշաւին եւ կը հետեւի բառախաղերով մարդիկ զուարճացնող վարչապետին «քաղաքականութեան»: Մինչ վարչապետը կը փորձէ հանրութիւնը համոզել, որ Շուշիի «ազերիապատկան» ըլլալուն մասին իր արտայայտութիւնը սխալ ընկալուած է, որովհետեւ ինք քաղաքին ծագումին մասին չէր խօսեր, այլ՝ (ազերիներու իշխանութեան օրօք) կարգավիճակին մասին, Արծրուն Յովհաննիսեան հանդէս կու գայ տարբերակով մը: Ան կ’ըսէ, թէ իր «յաղթելու ենք» հաւաստիքը… ցանկութիւն էր, կը բխէր իր հաւատքէն, թէ՝ պատերազմի օրերուն, պաշտօնական աղբիւրներէ իրեն հաղորդուած տեղեկութիւնները երբեմն ներհակ էին, սակայն ինք չէր ստեր (իսկ թէ նման պաշտօն ու հանգամանք ունեցող բանբեր մը որքա՞ն իրաւունք ունի իր «ցանկութիւններով» ամբողջ հայութիւնը խաբելու՝ իրեն հարցուցէք: «Հաւատքդ քեզ փրկեց» խօսքն ալ ջուրը կ’իյնայ): Պատկերը միայն սեւ չէ: Արծրունին միակ ճիշդ թուացող արտայայտութիւնը այն է, որ բանակը չէ պարտուած, սակայն չ’ըսեր, թէ պարտուողը ո՞վ է, որո՞նք են պատասխանատուն պատմական աղէտին:

Գ. Թուրք-ազերիները օգնութեան հասած են վարչապետ Փաշինեանի, ցոյց տալու՝ որ Շուշին հայկական չէր, այլ՝ թրքական: Նախ, հայկական մշակոյթի այս գոհար-կեդրոնը հռչակուեցաւ «թուրք-ազերիական մշակոյթի կեդրոն» (հիմա հասկցա՞ք, թէ Շուշին ինչո՛ւ «տժգոյն ու դժբախտ» է եղեր, հիմա պիտի փայլեցուի ազերի ղարտաշ-եօլտաշներուն ձեռքով), իսկ քանի մը օր առաջ ալ, Թուրքիոյ «Գորշ Գայլեր»-ու ղեկավարը յայտարարեց, թէ կը ծրագրուի իրենց գաղափարներու տարածման նպաստող դպրոց մը բանալ Շուշիի մէջ: Եթէ Նիկոլ աղային հարցնէք, հաւանաբար բացատրէ. «Է՞, ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ Շուշին հայկական նկատենք: Մարդիկը սեփականացուցին, ճամբայ կը հանեն ծրագիրներ, որոնց լոյսին տակ, եկէ՛ք, ըսէ՛ք ինծի, թէ ոեւէ հայ պիտի ուզէ՞ հոն ապրիլ…: Եկէ՛ք, մենք ալ մեր գործը տեսնենք եւ Ատրպէյճանի հետ փոխադրամիջոցներու ճամբաները բանանք, որպէսզի Արտաշէս թագաւորի հարսանիքի օրերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով՝ ոսկի եւ արծաթ տեղայ Հայաստանի մէջ…»: (Արդեօք ալանները ազերիներուն նախահայրերը չէի՞ն…):

Դ. Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան, «նորեր»-ու մէկ փայլուն ներկայացուցիչը, անցեալ շաբաթ, 22-26 Յունուարին, Իրան այցելեր է եւ վերջին օրը, չըլլալիք խայտառակութեան մը հերոսը դարձած է. որոշուած էր, որ ան այցելէր կաթնեղէնի արտադրութեան գործարան մը, սակայն մեր հերոսը, պատուիրակութեան անդամներուն հետ, նախորդ գիշերը ճաշկերոյթի մը մասնակցեր է եւ այնքա՜ն գինովցեր է, որ առաւօտուն չէ կրցած հասնիլ ժամադրութեան. իրանեան կողմը, երկար սպասումէ ետք, ջնջեր է ժամադրութիւնը, ըսելով, որ նախարարը ի վիճակի չէ իրականացնելու այցելութիւնը: Հայկական դեսպանատունի հաստատեր է այցելութեան ջնջման լուրը, սակայն յայտնապէս ամչցեր է բացայայտելու պատճառը: Եթէ սուտ մը փշէր, գուցէ իրանեան կողմը ստիպուէր ճշդում կատարելու, ինչպէս որ արտաքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կամ ռուս բանբերներ ճշդումներ կը կատարեն Շուշիի մասին Փաշինեանի հաւաստիքներուն դէմ…: Մի՛ զարմանաք, եթէ չքմեղանք մը հասնի շուտով. «Հիներն ալ կը գինովնային, չէ՞… Ի՜նչ կ’ըլլայ որ… Այսքան տխուր օրերէ ետք, մարդը քիչ մը ուրախացեր է, շա՞տ կը տեսնէք»:

Ե. Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ բազմերես տագնապ մը ծայր տուած է: Ռուսիա իր սահմանը բացած է մէկ ամսուան համար, «ղաչ-ղաչ»-ը ծայր տուած է (ներողութիւն օտարաբանութեան համար). բազմաթիւ հայեր փութացած են օդակայան, ոմանք՝ Ռուսիա վերադառնալու, ուրիշներ՝ գաղթի ճամբան նոր մտնելու նպատակով (ասոնց շարքին են աշխատանք փնտռողներ, որոնք կրնան Ռուսիայէն այլ տեղ երթալ): Ճամբորդները դէմ յանդիման եկած են այլատեսակ դժուարութիւններու. համաճարակէ զերծ ըլլալու փաստաթուղթ չունեցողներու արգիլուած է ճամբորդել, իսկ ուրիշներ կրկնապատիկ կամ եռապատիկ սակերով տոմս ապահոված են: Բայց… չէ՞ որ «հիներուն» օրով ալ չարաշահութիւն կ’ըլլար, արտագաղթ կ’ըլլար: Քաղաքական (ընդդիմադիր) քանի մը դէմք մտահոգութիւն արձանագրած են «փախուստ»-ին մասին, իսկ ազատամիտ «իմքայլական» մը ըսեր է. չենք կրնար բռնութեամբ արգելք ըլլալ, որ Հայաստան մնան…: Այս ալ հին ողբերգութեան մը նորագոյն արարը՝ «նորեր»ուն օրով:

***

Ինչո՞ւ մտահոգուինք նման «մանրուք»-ներով, երբ անդին, Արցախի մեծ մասը կորսնցուցած ենք, Սիւնիքէն պատառիկներ կը փրցուին, իշխանութիւնը ամէն օր նորագոյն փաստեր կը շարէ… աչք ունեցողներուն դիմաց, թէ՝ անկարող ու անատակ դարձած է գերիներու հարցը լուծելու եւ խաղալիք դարձած է ազերիներուն ձեռքը, որոնք մանր մասնավճարներով Հայաստան կը վերադարձնեն հայ գերիները: «Ամչկոտ» լուրէ մը կ’իմանանք, որ Հայաստանի ապահովութեան սպասարկութիւնները սուսիկ-փուսիկ, եւ առանց փոխարժէքի, ռուս խաղապահներու միջնբորդութեամբ Ազրպէյճանի յանձներ են Սիւնիքի սահմանէն ներս թափանցած ազերի երկու զինուորներ (մի՛ հարցնէք, թէ նոյն խաղապահներուն մե՞նք ինչու խստապահանջ չենք), հետեւելով վարչապետին «գաղտնապահութեան սկզբունք»ին: (Եթէ մոռցած ենք, կ’արժէ յիշել, որ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ գաղտօրէն, մինչեւ իսկ… Արծրուն Յովհաննէսեանը տեղեակ չէր եւ կ’օրօրուէր ու կ’օրօրէր իր ցանկութիւններով):