Արցախեան 1001 Պատում. Մենք Չպարտուեցանք, Մենք Խայտառակուեցա՛նք (Բ.) Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Միթէ ազգովին այս կացութեան մէջ գտնուիլը պարտութեան տեսականի չէ՞ր, որուն ականատես վկաները հանդիսացանք, դժբախտաբար: Աւելի՛ն. երբ պետութիւն մը իր համակարգով կը մատնուի անճարակութեան, անձնատուութեան եւ ներքին կեանքի մասնատուածութեան, որոնք ուղղակի կը սպառնան անոր գոյութիւնը, ի՞նչ կամ ինչպիսի՞ բնորոշում տալ պատահածին եթէ ոչ ազգային խայտառակութիւն:

Ըստ երեւոյթին, յանցաւորներու փնտռտուքը, ապաշնորհ չքմեղանքները, վատին ու վատագոյնին մասին բարբաջանքները, զիրար յօշոտելու հրաւէրները, սին ու կեղծ խօսքերու շռայլութիւնը, դաւաճանական արարքներու գունաւոր շքերթը, հին ու նոր վէրքերու քրքրութիւնը, կշտամբանքն ու բացայայտ սրիկայութիւնը, դարձեր են հայոց կեանքի առօրեայ ուղղուածութիւն եւ հրամցուած դեղատոմսեր:

Մէկ կողմէ ազգը կը շարունակէ լո~ւռ տրտնջալ, մասամբ պոռթկալ, ընդվզիլ, ընդդիմանալ ու արեամբ շաղախուած իր տառապանքին բալասան մը գտնել, անդին, հայանուն վարձկաններ կը շարունակեն «ատելութեան խարոյկ»-ը բոցավառ պահել, քանի մը հազար զոհուած տղաներու յիշատակը անարգել եւ պիղծ հոգիով ու սրտով հանրութեան ներկայանալ, առանց դոյզն խղճահարութեան եւ ամօթի զգացումին:

Այո՛, 45 օրերը բաւարար էին ծանօթանալու հայ ազգի գլխին բարձրացուած ամենադաժան «սուր»-ին` պառակտումի սերմանումին, որուն լծուած են, ցաւ ի սիրտ, թշնամիներու առընթեր, հայ պետական այրեր ու արիւնառուշտ անհատներ:

Իսկ ամենաահաւորը, այս օրերուն, երբ հայութիւնը իր հայրենի ժողովուրդով եւ սփիւռք(ներ)ու գոյութեամբ, կը փորձէ իր խոցուած արժանապատուութիւնը ձեւով մը ամոքել, լրջօրէն մօտենալ հարցերուն եւ հասկնալ պատահած ողբերգութեան ահաւորութիւնը, հայ քաղաքական կեանքի տեսադաշտին վրայ յամեցող երեւոյթներ կը մնան աթոռապաշտութիւնն ու դաւաճան արարքներու շարունակութիւնը:

Այսպէս ըսած, պարտութիւններ, որոնք առարկայական բացատրութիւններ կամ հիմնաւորումներ ընդգրկած են, հասկնալի եւ ըմբռնելի են եղած առհասարակ: Սակայն, երբ ազգադաւ արարքներ, պետական բարձր մակարդակի վրայ պատահած, որոնք պատճառ դարձած են սոսկալի հետեւանքներու` հայրենիքի ու մարդկային կորուստի, պետականութեան քայքայումին, բանակի կիսով բնաջնջումին, դարաւոր արժէքներու ոչնչացումին, սա արդէն բացայայտ ցուցանիշ է` սեւաթոյր ու ապաբարոյ գործընթացի մը`ազգի մակարդակի խայտառակութեան:

Փաստօրէն, ողջ աշխարհի դիմաց, եւ սա` 21-րդ դարուն, կամայական որոշումի մը պարտադրանքին տակ, ազգային պետութիւն մը կ՛ենթարկուի անձնատուութեան` առիթ ընձեռելով բարբարոս թշնամին, որպէսզի իրականացնէ իր հայաջինջ ծրագիրը:

Պատեհ է հարց տալ նիկոլական թշուառներու, թէ նման կացութեան մէջ, միթէ այս աստիճանի՞ է մտքի կուրութիւնը կամ խաղքութիւնը, որ սեփական ազգի ու պետութեան գոյութիւնն անգամ ատելութեան փորձադաշտի վերածելով` կ՛ուզեն յագուրդ տալ իրենց բնազդային ախորժակներու եւ ախտերու:

Արդեօք օտարի ծառայամտութիւնն ու հոգեմտային պերճաղիճութիւնը նոր օրերու ապրելաձեւի արտայայտութի՞ւն է, որով կը յոխորտան թուրքին առջեւ ծունկի եկած հայանուն սրիկաները:

Պատմութիւնը, դաժան պիտի ըլլայ նման մարդոց, ինչպէս նաեւ վրէժխնդիր` տականքի պահուածք ունեցողներու նկատմամբ: