Շուշի՞ն… Կարօ Արմենեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հիմա արդէն պարզ է, թէ ինչո՛ւ խորհրդային ներքին սահմանագծերով առաջնորդուելու թշնամիի առաջարկը դոյզն առարկութեան իսկ չհանդիպեցաւ Հայաստանի գործադիր իշխանութեան պետին կողմէ: Հիմա գիտենք, որ ան չի գիտեր մեր երկրին հարազատ սահմանները: Չի գիտեր Շուշին®Ան «իրաւազրկուած» չէ, քանի որ զուրկ է իրաւունքի բնական զգացողութենէ: Ան ինկած է պատմութեան քաոսին մէջ երեւի մոնկոլական արշաւանքներու օրով եւ զրկուած է յիշողութենէ: Ան դադրած է իր ինքնութիւնը զգալէ: Ան չունի որեւէ «էմոցիա»` կապուած հողին եւ հայրենի երկրի էութեան:

Ան նաեւ չի գիտեր, թէ ինչպիսի՛ դժոխային պայմաններու մէջ կարելի եղաւ վերակերտել պատմութեան երախներուն մէջ դարեր շարունակ բզկտուած մեր հայրենիքը: Ան պարզապէս կապ չունի Դաշնակցութեան գործին հետ: Այսինքն` այն ազգային քաղաքական ուժի՛ն, որ մտած է պատմութեան մայրուղիէն ներս` պատմութիւնը սրբագրելու դժուարին առաջադրութեամբ: Սթաթիւս քուօ-ն մերժելու ազգային պարտաւորութեամբ: Մեր հայրենիքի լինելիութեան հիմքերը ապահովելու առաքելութեամբ: Հիմա արդէն պարզ է, թէ ինչո՛ւ ան հաղորդակցութեան եզրեր չունի մեզի եւ հայ ազգային տեսլականով գործող միւս քաղաքական ուժերուն հետ: Հիմա վերջապէս հանրայայտ փաստ է, որ ան տեղ չունի հայ անկախ պետականութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ եւ ան պէտք է մեկնի: