Սփիւռքը Իր Մեղքի Բաժինը Չունի Պարտութեան Համար. Վահագն Գարագաշեան

Հայաստան, Սփիւռք

Ո՞վ է մեղաւոր. այսօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ամենաշատ հնչող հարցն է։ Պատճառը հաւանաբար նաեւ այն է, որ յաղթանակները տէրեր կ՝ունենան, պարտութիւնները միշտ որբ են։ Ո՞վ է մեղաւոր արցախեան երկրորդ պատերազմի նման ելքին համար։ «Սփինւռքի ձայն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նման համոզմունք յայտնած է Գանատայի մէջ լոյս տեսնող «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։

Անոր կարծիքով՝ Սփիւռքի մէջ Արցախի մասին խօսած են հայկական շատ կազմակերպութիւններ եւ հայ անհատ գործիչներ։

Ըստ անոր՝ յատկապէս Հայ Դատի գրասենեակներն են, որոնք հայկական հարցերը միջազգային կառոյցներու եւ տարբեր երկիրներու կառավարութիւններու մէջ բարձրացնելու ուղիներ փնտռած են։

«Գանատայի կառավարութիւնը կը հետեւի ազգային փոքրամասնութիւններու լրատուամիջոցներու աշխատանքներուն, նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ, սակայն չի սահմանափակեր խօսքի ազատութիւնը»,- նշած է Վահագն Գարագաշեան: