Թուրքիոյ Մէջ Աւերած են Սուրբ Թորոս Հայկական Եկեղեցին

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ արեւմտեան Քիւթահիա նահանգին մէջ աւերած են Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, գրած է իրաւապաշտպան Արլէթ Նաթալի Աւազեանը։ Ան յայտնի է թրքական իշխանութիւններուն հասցէագրուած սուր քննադատութիւններով։

«Դուք ընդհանրապէս յարգանք չունի՞ք պատմութեան նկատմամբ։ Հայերու պատմութիւնը ոչնչացնելով՝ այս հողերուն վրայ հայերուն գոյութիւնն ա՞լ կ՝անտեսէք»,- գրած է իրավապաշտպանը եւ յիշեցուցած Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ պատմութւնը՝ յղում կատարելով հայ մտաւորական Արշակ Ալպոյաճեանի գիրքին, ուր հեղինակը կը պատմէ եկեղեցւոյ տարածք կատարած իր այցին մասին։

Սուրբ Թորոս եկեղեցին կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան Մուրատ սուլթանի օրով։ Թէեւ եկեղեցին 1603թ․ ջալալիական ապստամբութեան ժամանակ քանդուած է, բայց այնուհետեւ վերակառուցուած է։ Ալպոյաճեանի գիրքին մէջ կը նշուի, որ մարդիկ կը հաւատան, որ Սուրբ Թորոսի ձիու պայտին հետքը կը գտնուի ա՛յն ժայռաբեկորին վրայ, ուր կառուցուած է եկեղեցին։ Ըստ աւանդութեան՝ թուրք կանայք հիւանդութիւններէ բուժուելու համար կու գային կը նստէին եկեղեցւոյ մօտ եւ հոգեւորականներէն կը խնդրէին սուրբ գիրք կարդալ։

Եկեղեցին ժամանակին ծառայած է նաեւ իբրեւ հանդիսութիւններու սրահ, ապա՝ ամբողջովին փակուած։ Պատմելով եկեղեցի կատարած այցին մասին՝ Ալպոյաճեան գրած է. «Այժմ Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ դուրսի դրան վրայ փակցուած է այս ցուցանակը՝ «Շէնքին մօտենալը վտանգաւոր է եւ արգիլուած»։ Մարդոց մօտենալով, կը հարցնեմ հնարաւո՞ր է կապ հաստատել հանդիսութիւններու սրահի սեփականատիրոջ հետ: Այստեղ հին եկեղեցի է, կ՝ուզենք աղօթել: Բայց Սուլէյման անունով մէկը պատասխանեց, որ բանալիները յանձնած է սեփականատիրոջ։ Վերջինիս հետ հեռաձայնով խօսեցանք եւ ըսաւ, որ չի ձգեր ներս մտնենք»: