Յետադարձ Հայեացք Ու Մասամբ Նորին. Սփփիւռքի Կոմիտէ, Սփիւռքի Նախարարութիւն, Սփիւռքի… Գրասենեակ. Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արցախեան գոյամարտը, բազմաթիւ հրատապութիւններ երեւան հանեց ու բազմաբնոյթ առաջադրութիւններու դուռ բացաւ, որոնք ոչ թէ չկային նախապէս, այլ՝ անոնց պահանջքը չէր տեսնուեր կամ ալ՝ անմիջականութիւնը կը պակսէր։

Յանկա՛րծ, ուժեղ եւ անսպասելի հակամարտութիւն, ահաւոր ու սաստիկ պատերազմական մթնոլորտ, հայութեան հայեացքը կեդրոնացնելով անոնց սարսափելիութեան ու հետեւանքներուն վրայ։

Նախատեսուած ու չնախատեսուած, ծրագրուած ու չծրագրուած, մտածուած ու չմտածուած ինչպիսի՜ կորուստներ, աղէտներ ու տագնապներ արձանագրուեցան, որոնք սրտաճմլիկ ըլլալէն աւելի, հակամարդկային եւ ապամարդկային էին, միանգամա՛յն։

Այս բոլորը ծանր պիտի կշռեն ու սուղի պիտի նստին հայ ժողովուրդին վրայ, ոչ միայն ամոքուելու ու դարմանուելու (թէեւ դիւրին-դիւրին մոռցուելիք չեն), այլեւ երկիրը վերականգնելու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին հոգեբարոյական ներուժը վերագտնելու տեսակէտներէն։

Չմոռնալ, որ տնտեսութիւնը խորապէս վնասուած է, գործազրկութիւնը բազմացած, համաճարակային վարակը աճած, կարիքաւորութիւնը ընդհանրացած, մէկ խօսքով, ԱՊԱՌՈՂՋ վիճակ մը կը տիրէ քիչ մը ամէն տեղ։

Տակաւին խօսի՞նք հաւանական արտագաղթի հոսքին մասին, որ անպայման կրնայ տեղի ունենալ, երբ կացութիւնը աւելի թոյլատու ըլլայ, հետեւաբար, բացառուած չէ որ Հայաստանը կրնայ մատնուիլ նոր (եւ հերթակա՞ն) հայաթափումի։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան շրջանին, կ’ակնկալուէր որ արտաշխարհ ապաստանած կամ բնակութիւն հաստատած հայաստանաբնակ քաղաքացիներ վերադառնային հայրենիք, անսալով (՞) գործող իշխանութեան խոստումներուն կամ առնուազն վստահելով անոր նորարարական հաւաստիքներուն։

Ի զո՜ւր սպասուեցաւ այդ բարեբաստիկ պահուն, նոյնիսկ վերջնական հայրենադարձութեան կարգաւորումն ու ծրագրաւորումը մնացին… առասպելային։

Այսօր, հայաստանեան քաղաքական, հասարակական-ամբոխավարական ալեկոծումները, անտարակոյս, կը յուշեն վտանգաւոր ապագայի մը մօտիկութիւնը, որ կրնայ ճակատագրական ըլլալ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին համար։

Մինչ իշխանութիւնը կը յամառի մնալ իր աւագանիական դիրքերուն վրայ, իսկ ընդդիմութիւնը, իր նոյն կարգախօսներով կը դեգերի հոս ու հոն, առանց զգալի յառաջխաղացք մը արձանագրելու, պարզապէս անոր համար, որ «17 կուսակցութիւններ» յորջորջումն իսկ կը խրտչեցնէ ժողովուրդը, որովհետեւ այդ խմբաւորումները չեն կրնար բարիք կամ նպաստ բերել իրեն համար, իսկ իրենց հետեւորդները արդէն սկսած են կորսնցնել իրենց հաւատքը անոնց «ղեկավար»ներուն նկատմամբ եւ մատնուած են՝ յուսախաբութեան։

***

Բնական է, սփիւռքահայ հատուածները չեն կրնար անտարբեր կամ անփոյթ վերաբերմունք ունենալ, յետ զինադադարը, Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ, որոնք կը հանդիսանան իրենց համար եւս ԱՆԳԻՆ հոգեհարազատ հայրենական օճախներ։

Այդուհանդերձ, երբ լայն հարթակի վրայ կը տեսնուին ու կը խորաչափուին ներհայրենական իրադարձութիւնները, իրենց տարատեսակ բաղադրութիւններով ու զարգացումներով, պահ մը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ գահավիժային դէպքերը կրնան պատուհասներու մատնել երկիրն ու ժողովուրդը։

Պատահական չէ այս վարկածը, այնքան ատեն որ՝ տակաւին հորիզոնին վրայ յստակ ու դրական նշոյլի մը փայլատակումը չերեւար ու կարծես թէ ատիկա ուշանալու աւելի նշաններ ցոյց կու տայ, որովհետեւ բացայայտ է որ՝

1) Հայրենի պետականութիւնը չի կրնար իր գոյութիւնը երաշխաւորել նման վերիվայրումներու խառնիճաղանչին մէջ։

2) Հայրենի իշխանութիւնը ի վիճակի չէ դիմագրաւելու բազմակոյտ մարտահրաւէրները։

3) Հայրենի ժողովուրդը անկարելիութեան առջեւ կը գտնուի յաղթահարելու իր առջեւ ցցուած խայտաբղէտ դժուարութիւնները։

4) Հակառակ վճռակամութեան դիրքորոշումին, անորոշութեան զգացումը կը մտահոգէ ժողովուրդը։

5) Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ինչպիսի՞ արժեչափերով կրնան նոր յոյսեր ներշնչել։

Այս կէտային արագ մտորումներուն մէջ, վստահաբար շատերուն համար, առանց թերագնահատելու միւսները, նոյնքան կենսական կը համարուի հինգերորդ կէտը.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ

Աւելի ճիշդ՝ հայաստանցի (Արցախցի)-սփիւռքահայ յարաբերութիւններն ու կապերը, օղակներն ու կամուրջները, առանց որոնց կենսաւորման ու շնչաւորման, հայ ժողովուրդը չի կրնար գոյատեւել։

Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ այն բաղձալիութեան եւ արժանաւորութեան, որոնք հայ ժողովուրդին պիտի տան ԱՆՈՅՇ համ մը, ՊԱՅԾԱՌ գոյն մը, ՑԱՅՏՈՒՆ աղբիւր մը երանութեան, հպարտութեան եւ յաւերժութեան։

Պէտք է ընդունիլ, առանց զգացականութեան ու բարդոյթի, որ այսօրուանը չէ այն ինչ որ էր երէկուանը, ոչ ալ վաղուանը նոյնը կրնայ ըլլալ, եթէ հարցերուն չմօտենանք խիստ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ եւ ԱԶԴՈՒ հրամայականներով, պարզապէս անոր համար, որ ո՛չ թէ կայ «բան մը» փոխուած, այլ՝ կայ բոլորովին նոր ու տարբեր իրավիճակ մը, որուն նկատմամբ անհրաժեշտ է որդեգրել կառուցողական համապատասխան մօտեցում, ձեւաւորում ու դասաւորում։

Ասիկա չի նշանակեր հակասութիւններու կամ հակառակորդներու խմորում կամ այդ տրամաբանութեամբ շարժելու գործընթաց, ոչ ալ չհամոզուելու կամ չհանդուրժելու այդ իրականութիւնը, այլ՝ դուրս գալ կամ ձերբազատուիլ տիրող կապանքներէն։

***

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ընթացքը ու գործադրութեանց շառաւիղը, մեզ կը մղեն այն ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ հանգրուաններուն, երբ անոնք բարենպաստ ու հանրօգուտ ներդրումներ ունեցած էին (գէթ այնքանով որ անոնք գործած են եւ արդարացուցած իրենց աշխատանքը)։

Կարեւորութեամբ նշենք.

Սփիւռքահայութիւնը միշտ ալ գոհունակութեամբ ու լիութեամբ, բաւարարութեամբ ու հպարտութեամբ, գործակցած է այն կառոյցներուն հետ, որոնք կոչուած էին Սփիւռքի հետ առընչուելու, շփուելու եւ յարաբերելու, այսպէս.

ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՏ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՊԻ ԿՈՄԻՏԷ

Խորհրդաին շրջանին հիմնուած ու ստեղծուած, գործած ու արդիւնաւորած հոյակապ համապետական կազմակերպութիւն մը, որ լոյսի ու ճառագայթի բեղմնալի աղբիւրի մը վերածուեցաւ, մշակութային, գրական, արուեստի, կրթական եւ առհասարակ մտաւորական շրջանակները իրար կապող «ոսկեփայլ» պատուանդանով մը։

Այս հաստատութիւնը, «կոմիտէ» մը ըլլալէն շատ աւելի հզօր, ամրակուռ ու միացնող ԱՄՐՈՑ մը հանդիսացաւ, ուր հայաստանահայ ու սփիւռքահայ մտքի ու գրիչի, խելքի ու ստեղծագործողի, գիտութեան ու դաստիարակութեան դէմքերն ու գործիչները կը միանային, կը ծանօթանային, կը հաւաքուէին ու կը համախմբուէին, յանուն ինչի՞, եթէ ոչ մեր ինքնութեան եւ էութեան բիւրեղացման ու հաւատարագրման գործին։

Ամբողջ պատմութիւն մըն է Սփիւռքի կոմիտէն (որուն հիմնադրման 50ամեակին առիթով, յատուկ գրառութեամբ մը անդրադարձած էի անոր բերած ազգանուէր օժանդակութեան, տեսնել՝ «Դիտարկումներ ու Դատումներ» հատորս, Պէյրութ, 2016, էջ 333-336), ինչ որ կը հաստատէ, թէ անիկա հիմնարար դերակատարութիւն մը ունեցած է, իր համալսարանները բանալու սփիւռքահայ ուսանողութեան առջեւ, նաեւ հայ ուսուցիչներուն համար որակաւորման դասընթացքներ կազմակերպելու ու հայ պատանի-պատանուհիներ ընդունելու ուսումնա-ընկերային ճամբարներուն մէջ։

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գ. Հանրապետութիւնը ծնունդ տուաւ ազգանուէր նախարարութեան մը, որ կոչուած էր դառնալու Հայաստան-Սփիւռք կապերու «Ոսկեայ Կամուրջ»ը, որուն այնքան այրող ու ջերմեռանդ կարիքը ունէր մանաւանդ սփիւռքահայութիւնը։

Այս նախարարութիւնը գործեց շուրջ տասը տարի, ղեկավարութեամբ նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի, որ դժուարին պայմաններու մէջ կրցաւ խուսանաւել եւ իր նախարարութիւնը վերածել զօդող ու միացնող համացանցի մը, իր ուշագրաւ հովանաւորական ու զօրակցական ներգործութիւններով, իր աշխոյժ դերակատարութիւններվ ու մասնակցութիւններով։

Այս նախարարութիւնը, որքան ալ ոմանց համար մի գուցէ ըլլար վերապահելի կամ քննադատելի, նայած թէ ինչպէ՞ս կը դիտուէր անոր գործունէութիւնը կամ ինչպէս կը գնահատուէր անոր դերը, անիկա եղաւ, դարձա՛ւ, «ԱՇԽՈՒԺԱՇՈՒՆՉ ԵՐԱԿ » մը, որուն այնքան կարիքը կար։

Առանց համեմատութեան եզրեր փնտռելու կամ որակելու յաւակնութեանց,՝ եթէ Սփիւռքի կոմիտէի բազմավաստակ նախագահ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՀԱՄԱԶԱՍՊԵԱՆ եղաւ անզուգական առաջնորդող ու կազմակերպող մը իր ազգային կառոյցին, ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ եղաւ՝ արժանաւոր հեղինակութիւն մը, արդիւնաշատ նախարարուհի մը եւ աշխատունակ գործիչ մը։

Փաստօրէն, եթէ Համազասպեանը, իր օրով, հող պատրաստեց Հայաստան-Սփիւռք կապերու գնացքին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը եկաւ զայն լրացնելու, համալրելու եւ ամբողջացնելու, այն կարելիութիւններով ու հնարաւորութիւններով, որոնք ձեռնտու էին ու թոյլատու։

ՍՓԻՒՌՔԻ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԱՅԻՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նիկոլ Փաշինեան երբ վարչապետ դարձաւ, ի շարս կարգ մը նորութիւններու կամ փոփոխութիւններու, նշանակումներու կամ պաշտօնակոչումներու (որոնք, ի դէպ, ոչ բոլորը գոհացուցիչ էին, ոչ ալ՝ համոզիչ), յանկարծ, մետասաներորդ պահու մը, գործող Սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարեց, առանց ճշդելու՝ ինչո՞ւ, առանց բացատրութիւն տալու, նոյնիսկ սփիւռքահայութեան, որ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ունէր գիտնալու պատճառները այդ շուտիկութեան, այնքան ատեն որ՝ անիկա գերազանցապէս զբաղելու էր սփիւռքահայութեան կեանքով ու արձագանգելու անոր գործունէութեանց։

Եւ իրաւամբ, փոխանակ նախարարութիւնը աւելի զարգացնելու, արդիականացնելու եւ աշխուժացնելու նոր ծրագիրներով, նախաձեռնութիւններով ու միջոցառումներով, զայն դարձնելով վերանորոգելի համաժողովրդական, համատարածական ու համընդհանրական պետական կառոյցի մը, մինչդեռ, ան վերածուեցաւ «քարապատ անկիւն»ի մը… գրասենեակ մը։

Սփիւռքահայ պատկան շրջանակներ ու կազմակերպութիւններ կը հարցադրէին այս տարօրինակ տնօրինումին տուն տուող պատճառներուն մասին, ընդհուպ, կը յայտարարուէր նախարարութիւնը փոխարինելու… գրասենեակային յանձնակատարութեան տարբերակով մը, Սփիւռքէն Երեւան հրաւիրելով «փորձագէտ» մը, լրիւ անծանօթ մը, ստանձնելու յանձնակատարի այդ պաշտօնը։

Պրն. վարչապետը նոյնիսկ չբարեհաճեցաւ կարծիքը առնելու Սփիւռքին, չէ՞ որ ենթադրուած թեկնածուն ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ պէտք էր ըլլար, նախ՝ Սփիւռքը լաւ ճանչնալու, ապա՝ վայելէր զօրակցութիւնը բոլորին, որպէս ընդունելի եւ յարգելի հեղինակութիւն մը։

Աւելին. գաղտնիք չէ, որ Պրն. վարչապետը հազիւ թէ ճանչնար Սփիւռքը, իր բազմաշերտ, բազմագոյն ու բազմաթիւ կառոյցներով, իսկ ո՞վ պիտի դառնար այդ «մասնագէտ» խորհրդատուն, եթէ ոչ նորակոչելի լաւագիտակ անձնաւորութիւն մը։

Հիմա որ անցած է բաւարար ժամանակ, հետաքրքրական է գիտնալ թէ Սփիւռքի այս գրասենեակը ի՞նչ ըրաւ, ի՞նչ իրագործեց եւ իր գոյութիւնը ինչպէ՞ս արդարացուց, իսկ եթէ Պրն. վարչապետը գոհ է իր «գրասենեակ»էն եւ «յանձնակատար»էն, իր գիտնալիքն է, բայց, որոշապէ՛ս, Սփիւռքը դժգոհ է եւ «էն էլ ո՜նց»…։

Մեր այս թռուցիկ անդրադարձը, յետադարձ հայեացքով թէ ներկայի հանգրուանով, պարզապէս կը միտի ցոյց տալ, թէ Սփիւռքին հետ կարելի չէ վերաբերուիլ որեւէ կարճատեսութեամբ կամ հաւկուրութեամբ։

Ժամանակները կրնան յղի ըլլալ նոր մագլցումներով ու հոլովոյթներով, որոնց դէմ հրամայական է դառնալ աւելի ԿԵԴՐՈՆԱՁԻԳ ու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ, Հայաստան-Սփիւռք անխախտ համագործակցութիւնը նկատելով գերիվեր որեւէ այլ փորձերէ։

(Պէյրութ)