Պլինքըն Կը Խոստանայ Աջակցիլ Գերիներու Վերադարձը Արագացնելու Ջանքերուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ երկրին յաջորդ արտաքին գործոց նախարար նշանակուած Էնթընի Պլինքըն, Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած իր հարցաքննութենէն ետք, կը շարունակէ գրաւոր պատասխաններ առաքել ծերակուտականներու հարցումներուն։

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին ծերակուտական Էտ Մարքիին հարցումին պատասխանելով՝ Պլինքըն գրած է, թէ ամէն Ապրիլ 24ին նախագահներու կողմէ աւանդաբար հրապարկուող յայտարարութենէն առաջ, նոր վարչակազմը պիտի խորհրդակցի Քոնկրեսի անդամներուն հետ, յիշեցնելով, որ նախագահի թեկնածու եղած օրերուն, նախագահ Ճօ Պայտըն խոստացած էր նեցուկ կանգնին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնցող բանաձեւին։

Յիշեցնենք, որ Քոնկրեսի երկու պալատները՝ Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը, որդեգրեցին Ցեղասպանութիւնը ճանչնցող բանաձեւները։

Արցախի նորագոյն պատերազմին գերիներուն վերադարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Պլինքըն գրած է հետեւեալը․ «Միացեալ Նահանգները, համագործակցելով եւրոպացի գործընկերներուն հետ՝ առաջնորդող դեր պիտի ստանձնէ տագնապին մնայուն լուծում մը գտնելու ջանքերուն մէջ, ներառեալ՝ պատերազմի գերիներու վերադարձը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ։ Պաշտօնը ստանձնելուս պարագային, պիտի խթանեմ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութիւնը` գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծումը, որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութիւնը եւ պիտի օգնէ կանխարգիլել նոր պատերազմի փռնկումը»: