Ցեղասպանութեան Ճանաչումները Ի՞նչ Շահ Բերին Կամ Կը Բերեն Հայ Ազգին Եւ Հայաստանին. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ամէն անգամ որ մարդուն արժանապատուութիւնը խնդրոյ առարկայ է, բոլորս խնդրոյ աարկայ ենք, այդ կը վերաբերի բոլորիս, Սպիտակ, Սեւ կամ Դեղին» :

Ֆրանց Ֆանոն, (1925-1961), հոգեբոյժ, յեղափոխական


Ժամանակն է, որ հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման ՀԱՐՑին տրուի միջազգային, քաղաքական, մշակութային, ընկերային եւ համամարդկային նոր իմաստաւորում:

            Ինչ որ պատահեցաւ հայուն, հրեային, թութցիին, վաղը կրնայ պատահիլ Սպիտակին, Սեւին, Դեղինին: Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման ՀԱՐՑը միջազգային խնդիր է, համաշխարհային պատասխանատուութիւն:

            Աւելի քան կէս դարէ ի վեր կը խօսինք ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, կը խանդավառուինք, կը յուզուինք ճանաչումներու յաղթանակներով, որոնք կարծէք կը կրկնեն Վարդանանց Պատերազմի մեր բարոյական հպարտութեան թատրոնը: Մենք կ’ըսենք, մենք կը յուզուինք:

            Հաշուեկշիռ ընենք. ի՞նչ է բազմաթիւ եւ բազմապատկուող ճանաչումներու արդիւնքը, կրնա՞նք ըսել, թէ ազգային իրաւունքներու վերականգնման քաղաքականութիւնը այսօր աւելի լաւ է քան երէկ էր: Մահերէն ետք, կողոպտուած-բռնագրաւուածէն ի՞նչ վերադարձուած է ազգին:

            Անհերքելի են ցեղասպանութեան ամբաստանագրին համար կուտակուած փաստերը: Նորերը կրկնութիւն պիտի ըլլան: Նոր գրուած գիրք, եթէ դեռ ընթերցող ունենայ, ինքնագոհութիւն կը պատճառէ ցաւատանջ հոգիի եւ խաբկանք՝ որ քաղաքականութիւն կը խաղանք:

            Միացեալ Նահանգներ նոր նախագահ ունի եւ կրկին ծագած է յոյսը, որ ան պիտի ըսէ, թէ պատահածը Ցեղասպանութիւն էր, առանց ԵՂԵՌՆ ըսելու ճապկումի: Հզօր պետութեան մը կողմէ ճանաչումը կ’ունենա՞յ քաղաքական հետեւանք, որ չըլլայ սոսկ մխիթարական խօսք, այլ սկիզբ արդարութեան եւ իրաւունքի վերականգնումի: Սպասենք եւ տեսնենք: Ընքըլ Սամի երկրին մէջ կ’ըսեն՝ wait and see: Յուսալով որ այս անգամ սպասումը դրական պատասխան կ’ունենայ:

            Խօսիլ աւելի պարզ. եթէ չպատասխանուի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ, ըստ այնմ չդիրքորոշուին ու քաղաքական նախաձեռնութիւններ չըլլան, հայ ժողովուրդն ու իր հայրենիքը կը մնան ջաղացքի քարի տակ եւ շնչահեղձ կ’ըլլան: Արցախեան վերջին պատերազմը անաւարտ ցեղասպանութեան շարունակութիւն էր, զոր կարելի չէ եղած եւ կարելի չէ կանխել եւ սրբագրել քարոզիչի յուզումնախառն խօսքով, Երկնաւորին ուղղուած աղօթքով:

            Ֆրանց Ֆանոն իր «Երկրի Անիծեալները» (Les damnés de la terre) գիրքին մէջ, կը խօսի գաղութարարութեան մասին. «Գաղութարարութիւնը մտածելու մեքենայ մը չէ, օժտուած չէ իմացականութեամբ: Ան բնական վիճակի մէջ գտնուող բրտութիւնն իսկ է եւ կրնայ միայն տեղի տալ աւելի մեծ բիրտ ուժի մը առջեւ»:

Ցեղասպանութիւն-հայրենահանում գաղութարարութեան այլասերումն է:

            Ճանաչումները սփիւռք(ներ)ի համար յուզումներու եւ երախտագիտական զեղումներու առիթ են: Գաղութային անվաղորդայն ինքնահաստատումներ:  Ճանաչումներու պահանջին եւ ստացուած արդիւնքներուն մէջ ի՞նչ կայ որպէս հիմնականօրէն քաղաքական:  Անոնց իմաստը եւ թիրախը պէտք է փոխուին, եւ միջազգային հանրութիւնը լուսաբանուի եւ ընդունի, որ ցեղասպանութիւնը եւ հարենահանումը, ֆրանց Ֆանոնի գաղութարարութեան մասին բանաձեւած միտքէն աւելի անդին կ’անցնին: Հետեւութեամբ կրնանք ըսել, որ Անոնք բնական վիճակի մէջ գտնուող բրտութիւնն իսկ են եւ կրնան միայն տեղի տալ աւելի մեծ բիրտ ուժի մը առջեւ:

            Այդ մեծ ուժը միջազգային հանրութիւնն է այսօր, որ դիւանագիտական խաղերով կը զբաղի, առանց իրապէս պաշտպանելու մարդը, մարդկութիւնը, արդարութիւնը, իրաւունքը:

Կը շարունակենք հրճուիլ չորցած ջրհորին մէջ իջեցնելով մեր ակնկալութիւններու դոյլը եւ դատարկ վեր քաշել, արդէն չորրորդ սերունդ:

            Եթէ ցեղասպանութեան ճանաչման չընկերանայ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Վիլսոնի վճիռի գործադրութիւնը, բոլոր հետեւանքներով, կը շարունակուի չորցած ջրհորէն ջուր ստանալու զաւեշտը:

            Ժամանակակից ընկերութեան մէջ կը խօսուի ցեղասպանութեան դարմաններու մասին: Կը պատահի՞ որ ուղղենք այն հարցումը, թէ ինչպէ՞ս պէտք է դարմանել հայկական ցեղասպանութիւնը, որուն ընկերացած է ոճիր մըն ալ՝ հայրենահանումը:

            Պիտի կարենա՞նք օր մը ո՛չ ըսել այն ճանաչման՝ որուն չ’ընկերանար արդարութիւն եւ իրաւունք վերականգնելու յանձնառութիւնը:

            Շատեր ակնդէտ կը սպասեն, թէ ի՞նչ պիտի ըսէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Հասկցէ՛ք՝ մենք: Աշխարհի բոլոր միւս ժողովուրդները այնքա՜ն հարցեր ունին, ներառեալ ամերիկացիները, որ հայոց ցեղասպանութեան մասին նոր նախագահին խօսքը իրենց վերջին մտահոգութիւնն անգամ չէ: Բայց եթէ ան ճանաչում յայտարարէ, ի՞նչ կ’ըլլան հետեւանքները: Հայերը երախտագիտական յուզումներ կ’ունենան, թուրքերը կը ժխտեն եւ կ’աղմկեն, կը սպառնան ամերիկեան խարիսխները փակել, պատուիրակութիւններ կ’երթեւեկեն, առեւտրական համաձայնութիւններ կը կնքուին եւ միջազգային հանրութիւնը կը զբաղի իր աշխարհաքաղաքական (géopolitique) մեծ խնդիրներով:

            Առանց հայոց բռնագրաւուած տարածքներու վերադարձին, գործուած ոճիրներու եւ անհատներու ըլլալիք հատուցումներուն, նոյնիսկ Ամերիկայի նախագահին կողմէ ճանաչումը ամերիկահայութեան եւ համաշխարհային դարձած հայ ժողովուրդին ինքնասիրութիւնը շոյող փուչիկէ աւելին չ’ըլլար:

            Եւ հայ քաղաքական միտքն ու գիտակից հանրային կարծիքը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), իրենք իրենց եւ բոլոր ճանչցողներուն հարց պէտք է տան.

            ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ:

            Նախ մենք պիտի պատասխանենք հարցումին, չգոհանալով փուչիկով:

            Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որ նախ պահուի Հայաստանը հաւաքական տիրութեամբ, որպէսզի ուժ ըլլանք: Արցախեան պատերազմը եւ մեր պարտութիւնը նախ մեր յանցանքն էր. ինչպէ՞ս տիրութիւն պիտի ընէինք 12.000 քառ.քմ տարածութեամբ հայաշխարհին միայն 150.000 բնակչութեամբ: Ինչո՞ւ չբնակուեցաւ այդ աշխարհը, հայրենատէրի պէս չբնակեցանք:

            Հողը, հայրենիքը, տէր կ’ուզեն:

            Պեվըրլի Հիլզէն կամ Փարիզէն տիրութիւն չ’ըլլար:

            Ամերիկայի նախագահի յայտարարութենէն առաջ եւ վերջ հայ ժողովուրդը հայրենատիրութեան լայնածիր խօսքով եւ բարեսիրութեամբ չբաւարարուող  քաղաքականութիւն պէտք է իրականացնէ:

            Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այդ է իրաւունքի վերականգնման լուսաւոր ուղին:

            Այլապէս կը խաղանք փուչիկներով, կը գինովնանք փաստերով եւ վերլուծումներով:

            Պարտինք գիտնալ մէկ բան. ոչ ոք մեր փոխարէն իր մատներով շագանակները պիտի չհանէ կրակէն:

            Պահանջե՛լ ոչ թէ մխիթարութիւն, այլ գործել այնպէս, որ ցեղասպանութիւնը բնական վիճակի մէջ գտնուող բրտութիւնն իսկ է եւ զայն իր հետեւանքներով  պէտք է վերացնել՝ համամարդակային մեծ ուժ մը հակադրելով անոր:

            Այս է էականը եւ այս պէտք է ըսել: Պատասխանանտուութեան հրաւիրել:

            Մնացեալը աճպարարութիւն է, տիկնիկային թատրոն: