Նոյն, Տարբեր, Հարազատութիւն, Միացում եւ Հոգեբարոյական Փտախտ. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ


Իրականում մենք նմանուել ենք աֆրիկեան մումբօ-եումբօ ցեղին, որ եւրոպական արտադրութեան պահածոների գունագեղ թիթեղեայ տուփերը ծակում եւ անցկացնում էր թելի վրայ եւ կախում էր պարանոցից իբրեւ գեղեցիկ ու հարուստ զարդարանք:

Եր. Տէր Խաչատուրեան, «Պայքար» շաբաթաթերթ, 16/01/2021

            Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) հայկական ընկերութիւնը զարգացուցած է տարբերութիւններ, ճառերով կը դաւանինք որ նոյն ենք, շարունակութիւն ենք, բայց մեր կենցաղով, համոզումներով, մշակոյթով եւ ակնկալութիւններով նոյն չենքտարբեր ենք, այլազան ենք, յաճախ՝ անհաշտելի հակառակ: Տարիքներու բերումով միշտ եղած են տարբերութիւններ եւ մերժումներ: Հիանալէ ետք երէցներու, ուսուցիչներու եւ ղեկավարներու, եղած են պահեր երբ զանոնք մերժած են, քննադատած, քանդած են անոնց կիսանդրիները, հետագային՝ երբեմն վերագնած: Այս պատահած է, երբ սերունդը ներազգայինէ ետք գտած է միջազգայինը: Ոմանք այդպէս ալ մնացած են, հեռանալով ազգայինէ, ուրիշներ նորով հարստացած վերադարձած են հարազատին:

            Ազգային-քաղաքական ձախողութիւնները, նահանջները, երիտասարդը, մանաւանդ մտաւորականը, կը մղեն ապաստան փնտռելու այլ ընկերութեան մը, այլ մշակոյթի մը մէջ, բաւարարելու համար փառասիրութիւն, երազ, նորի եւ նորոգման փափաք, երբեմն ինքնատպութիւն եւ արտառոցութիւն շփոթելով: Հեռացումը աւելի արագ եւ շեշտուած կ’ըլլայ, անվերադարձ, երբ սերունդի ազգային, քաղաքական, մշակութային ենթահողը խեղճ է: Երեւոյթը գոյութիւն ունի բարքերու, կրօնի, ինքնութեան, լեզուի, գրականութեան եւ ընդհանրապէս մշակոյթի պարագաներուն: Այս ինքնահաստատման փորձը կը կրկնէ իւրաքանչիւր սերունդ, սփիւռքի մէջ, նաեւ՝ Հայաստան: Կը կորսցնենք ազգայինը, գերին կ’ըլլանք շլացնող արտազգայինի, կը հեռանանք մեր ընկերային թէ քաղաքական հարցերէն, կը կառչինք գաղափարներու, կը փնտռենք կուռքեր, փրկիչառաջնորդ, որ ենթադրաբար կ’ըլլայ կրողը  գաղափարին, տեսիլքին, ապագային, սպասուած լուծումներու:

            Անցեալին կը զատէինք Հայաստանեան եւ սփիւռքեան իրականութիւնները: Եթէ առարկայական մօտեցում ունենանք, պիտի հաստատենք, որ Հայաստան թէ սփիւռք, մենք բռնուած ենք նոյն եւ տարբեր ուռկաններու մէջ, որոնք կը սպառնան մեր որպէս ինքնուրոյն ազգ գոյութեան, քանի որ տեղ մը կամովին, այլ տեղ պարտադրաբար, կը հագնինք տարբեր շապիկներ, այսինքն մեր ինքնութեան մէկ մասը կը փոխարինուի բազմապատիկ ուրիշներով, որոնք անպայման որակական յառաջդիմութիւն չեն: Առարկայական, մշակութական եւ ինքնութեան խառնածինային վիճակներ. բարքերու, լեզուներու, մշակոյթներու, խառն ամուսնութիւններէն մինչեւ միջազգային կամ համամարդկային տեսութիւններ եւ յանձնառութիւններ, զորս կը կրենք միջավայրի ազդեցութեան տակ, խորհելով, որ մենք կ’ընտրենք այդպէս ըլլալ, երբ անոնք կը պարտադրուին մեզի եւ մեզ կը խորթացնեն մեր արմատներէն:

            Ժողովուրդները այլեւս չեն ապրիր փակ շրջանակներու մէջ: Կան տեսութիւններ ալ,- քաղաքական, կրօնական, աղանդաւորական, տնտեսական, ընկերային,- որոնք կը ջատագովեն ամէն կարգի պատնէշներու վերացումը: Այդ տեսութիւններու նախայարձակման անմիջական թիրախ են փոքր ժողովուրդները, որոնց մէջ կը թափանցեն անոնց ինքնուրոյնութիւնները փճացնելու համար: Այդ չեն կրնար ընել հզօրներու եւ մեծերու շրջանակին մէջ, կարելի է խորհիլ, որ այդ փճացումը կը ծառայէ մեծերուն: Քաղաքացին, մեր պարագային հայը ընդհանրապէս, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), տեւաբար հարց պէտք է տայ ինքնիրեն, թէ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդուի, ո՞ւր կը տանին զինք:

            Հայրենի մտաւորական եւ գրող Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի շաբաթական էջը «Պայքար» թերթին մէջ, գրուածէն աւելին կ’ըսէ: Այդ էջը կարդալով ինքզինքս նաւաբեկեալի վիճակին մէջ զգացի, կարծէք խորտակուող նաւու մը կամրջակին կանգնած էի:

            Նամակի խորագիրն է՝ «Մեր անամօթութեան մասին»: Այս ըսողը թշնամի մը չէ:

            Կ’արտագրեմ մտածելու առիթ տուող քանի մը հատուածներ:

«…իմ վերջին նամակում ինչի մասին էի գրել քեզ՝ Հայաստանում վայրագ ու ցաւալի մայրիշխանութեան, հայկական գաւառական ֆեմինիզմի մասին:

«…Հայաստանի լեռնային հեռաւոր մի գիւղից եկած մի ուսանողուհի, երկրո՞րդ, թէ՞ երրորդ լսարանի սան, կրքով ու եռանդով պնդում էր, որ մենք յետամնաց ենք, որ մենք հին, նախնադարեան կեանքով ենք ապրում, որ պէտք է, վերջապէս, ազատութիւն լինի եւ թող իգական սեռի մարդիկ ամուսնանան միմեանց հետ,- իսկ ինչո՞ւ՝ ոչ,- եւ տղամարդիկ կարողանան ամուսնանալ միմեանց հետ եւ նման այլ անհեթեթութիւններ եւ այլանդակութիւններ»:

…«Այս բոլորը գալիս է, ի հարկէ, Արեւմուտքից»:

…«1990-ական թուականներից յետոյ այդ բոլորը ուղղակի խուժում է մեզ վրայ, ներխուժում է մեր կեանքի բոլոր ոլորտները, ծածկելով ամէն բան եւ ոչնչացնելով շատ բան»:

…«Այս աւերածութեան մէջ ամենամեծ դերը խաղացել է հայկական հեռուստատեսութիւնը: Շուրջ երեք տասնեակ տարի է հայկական հեռուստատեսութիւնը կեղտ, աղբ եւ ապականութիւն է տարածում»: …«Գռեհիկ, փողոցային լեզու, քրէական աշխարհի ժարգոն, յանցագործ աշխարհի հոգեբանութիւն, հակագեղագիտական նիւթեր, ցածրաճաշակ, էժանագին էրոտիզմ, ողորմելի սերիալներ, անճաշակ, արուեստի հետ կապ չունեցող ֆիլմեր, որոնք յաճախ ՛՛փայլում են՛՛ ուղղակի պոռնոգրաֆիկ տեսարաններով»…

…«Իգական սեռի հայ արարածները,- լեզուս չի բռնում ասելու՝ հայ կանայք,- պոռնոգրաֆիական ոտանաւորներ են գրում եւ հրապարակում, որոնց սեռական սանձարձակութիւնից մարկիզ դը Սադը կ’ամաչէր: Բա զուգարանային եւ աղբանոցային թեմաներով ու բառապաշարով մեր մոտեռն գրականութիւնն ու գրողները»:

…«Նրանք հայոց լեզուն պղծողներն ու սպաննողներն են: Ու իրենց աչքին իրենք ՛՛եւրոպական՛՛ են, ՛՛առաջադէմ՛՛, ՛՛մոտեռն՛՛… Թո՜ւ…»:

            Հայաստանի լրատուամիջոցները կ’արտատպե՞ն Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի «նամակ»ը: Հեռատեսիլի կայանները պիտի հրաւիրե՞ն Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը, որ խօսի: Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը պիտի ձայնակցի՞ եւ պիտի դիմէ՞ նախագահին, կառավարութեան, նախարարին, առաջքը առնելու համար մշակոյթի, ազգային բարքերու եւ ընդհանրապէս աւանդական համարուած բարոյականութեան եւ առաքինութիւններու փճացման:

            Գաղտնիք չէ. Հայաստանի մէջ կրթական եւ մշակութային չարակարգումներ եղան այս ուղղութեամբ, յանուն Իստամբուլ ստորագրուած «կոնվենցիա»ներու: Խուլ չեղողները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այդ բոլորի մասին լսեցին, ոչ ոք բողոքեց, ցոյցեր չեղան: Կուսակցութիւնները այլ բաներով զբաղած էին:

            Հոգեկան, բարոյական, մարդկային եւ ազգային լիցքի չքացումին դէմ ոչ ոք պայքարի դիմեց: Հիմա, այդ լիցքի պակասը պարտուած երկրի ժողովուրդին կը թելադրէ փերեզակային այն միտքը, որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ, ճամբաները պիտի բացուին, առեւտուր պիտի ընենք եւ լաւ պիտի ապրինք:

            Եկեղեցին, որ դժուար ժամանակներու մէջ ազգապահպան եղած է (ազգապահպանը համապարփակ է, միայն համրանք չէ, այլ նաեւ՝ ինքնութիւն, լեզու, գիր, բարոյականութիւն), ան երբեք գերին չէ եղած ծիսականի, ինչո՞ւ իր «հօտ»ի պաշտպանութեան համար ճակատ չի յարդարեր:

            Իշխանութիւններէն եւ կուսակցութիւններէն վեր ազգապահպանութեան հարցին առջեւ կանգնած ենք: Ազգային նկարագրի պաշտպանութիւն, որ ինքնութիւն է, լեզու է, հայրենիք է, ընթացիկ ենթաքաղաքական մոլորանքներէ անդին:

            Գիտակից իւրաքանչիւր հայ, ազգի անդամի իրաւունքով, պետութենէն, եկեղեցիէն, կուսակցութիւններէն եւ միութիւններէն պէտք է պահանջէ, որ նախ ըլլան իսկական ազգապահպան եւ իր վստահութիւնը պայմանաւորէ ազգային հարազա-տութեան չափանիշով:

            Հարցում. նախնադարեան չըլլալու համար կեղտաջուրի՞ մէջ պէտք է լողալ

            Պէտք է պատասխանէ իւրաքանչիւր ինքզինք հայ դաւանող, Երեւանէն Ստեփանակերտ, Ռուսիա, Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ բեւեռներ…:

            Պայքարիլ եւ մատներու արանքէն չդիտել սողսկած սպառնալիքը…