Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը» Հատորին Ներկայացումը Ֆրեզնոյի Մէջ

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանին Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին, Շաբաթ, 6 Փերտուարին, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ նոյն համալսարանի հրատարակչատան «Հայակական Շարք»էն լոյս տեսած՝ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը» (The Armenians of Musa Dagh: From Obscurity to Genocide Resistance and Fame 1840-1915) գիրքին ներկայացումը, հեղինակին կողմէ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Դոկտ. Շէմմասեան Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի վարիչն է։

Առցանց ներկայացման հետեւելու համար այցելել https://bit.ly/armenianstudiesshemmassian կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքը։