Արցախը Եղած Է, Կայ Ու Կը Մնայ Հայկական․ Իշխան Սաղաթէլեան

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Արցախ կատարած այցելութեան բուռն կերպով արձագանգեցին Ազրպէյճանի մէջ, ուր բողոքի ալիք բարձրացաւ եւ եղան բազմաթիւ հրապարկումներ:

Իսկ բուն այցելութիւնը բաւական յագեցած էր, արդարեւ, պաշտօնական եւ կուսակցական զանազան մակարդակներու վրայ քննարկուեցան ռազմաքաղաքական հարցերէն մինչեւ ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման ծրագիրներու գործարկումը, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ միջազգային հարթակներու վրայ, Արցախի շուրջ համազգային համախմբման ապահովումը:

Այս առիթով «Երկիր Մեդիա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան համար գերագոյն, գլխաւոր խնդիրը Արցախն է, որ թիւ մէկ օրակարգ է կուսակցութեան համար, ուստի, անկախ անկէ, որ ով կը գտնուի իշխանութեան վրայ, դաշնակցականները ջանք պիտի չխնայեն տարբեր միջոցներով ու ուղղութիւններով իրենց մասնակցութիւնը բերելու վերականգնման աշխատանքներուն եւ նպաստելու, որ Արցախը դարձեալ ոտքի կանգնի։

Արցախի զանազան շրջաններ կատարած այցելութեան ընթացքին ան հաստատեց, որ ի հեճուկս դաւաճաններուն եւ թշնամիներուն` Արցախը եղած է, է ու պիտի մնայ հայկական։