Մտորումներ. Աղօթք` Նոր Տարուան Սեմին. Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նոր տարի է, յոյսերն ու լոյսերը մարած, մաղթանքներն ու փափաքները ունայն, մեր շուրջը` ցաւ ու վիշտ, կորուստ ու կսկիծ, պարտութիւնն ու դառնութիւնը կը խոցեն մեր սրտերը:

Փայփայեցինք գեղեցիկ յոյսեր ու երազներ, ամէնուրեք եռագոյնը պարզած` գոչեցինք` «Յաղթելու ենք», հայու ոգին, թեւեր առած, սաւառնեցաւ` փութալու հայրենիք, կռուելու, մասնակցելու կեանքով, նիւթով, բողոքի ցոյցերով,  եւ 44-րդ օրը յանկարծ արթնցանք` պարտուած, շշմած ու հիասթափած, խաբուած ու խորապէս  նուաստացած եւ դառնացած: Քանդուած գիւղեր ու քաղաքներ, հազարաւոր զոհեր, մատաղ ու ջահել տղաք, տակաւին կեանքի գարունը չբոլորած, երազը սրտերնուն` գրկեցին սեւ հողն ու յաւերժ փակեցին իրենց աչքերը: Ամէն մէկը մէկ տան ճրագ, ամէն մէկը յոյս ու ապաւէն, այժմ` հանգած ու կորած, թողելով իրենց ճամբին սպասող մայրեր ու հայրեր, ջահել հարս ու անչափահաս երեխաներ` անտէր ու միայնակ, լքուած ճակատագիրի քմայքին:

Գաղթական զանգուածները` անղեկ ու անորոշ,  լքեցին պապենական տունն ու հողը:  Շատերն անոնցմէ այրեցին կաթիլ առ կաթիլ քրտինքով կառուցուած հայրենական օճախը` թշնամիին չթողելու համար, իսկ ուրիշներ գրկեցին խաչքարերն ու տարին հետերնին` զանոնք փրկելու համար պղծումէ ու քանդումէ:

Տակաւին 1915-ի արեան կանչին վրէժով տոգորուն ու մեր կորուստներու ցաւէն կոտտացող սրտերով բաբախուն, կրկին ապրեցանք սարսուռը նախճիրին ու սասափը կոտորածի`  ցեղասպանութեան եւ հայաջնջման նոր սպառնալիքներով:

Պարտութիւնը չէ միայն ամօթալին,  այլ համաձայնութիւնն է նողկալի, որ գրաւեալ տարածքներու վերադարձով չէ պայմանաւորուած միայն, այլ կը վտանգէ Հայաստանի գոյութիւնն ու հայութեան ապագան:

Հայաստանի անկախութենէն եւ Արցախի ազատագրումէն ետք, Արցախը երեսուն տարի դարձաւ մեր բոլոր հարցերուն կիզակէտը: Արցախը Հայաստան ըլլալով հանդերձ, անցնող երեսուն տարին, Հայաստանի Հանրապետութեան  յաջորդական բոլոր կառավարութիւնները եւ նախագահները մնացին անտարբեր` զայն դարձնելու հզօր ու ինքնաբաւ: Ոչինչով դիւրացուցին, որ ան տնտեսապէս եւ զինուժով  զօրանայ:

Հայաստանի երեք նախագահներէն եւ ոչ մէկը նպարավաճառի խանութ մը անգամ չբացաւ` օրինակ դառնալու այլոց ներդրումներ կատարելու  Արցախին: Բայց չվարանեցան անձնական գործառնութիւններ զարգացնելու եւ դիզուած գումարները արտասահման փոխադրելու` Հայաստանի հաշուոյն:

Նոր տարի է, մեր հաւատքը կորսնցուցած, յոյսերը մարած եւ մեր մտքերը շփոթ ու անորոշ  կը թափառին: Ինչպէ՞ս է, որ յանկարծ ամէն ինչ պարպուեցաւ, ամէն ինչ յօդս ցնդեցաւ ու դարձաւ անիմաստ: «Ունայնութի՜ւն ունայնութեա՜նց »:

Նոր տարի է, եւ հաշուեյարդարը` պարտադիր:  Արցախեան պատերազմի պարտութիւնը կը պարտաւորեցնէ, որ այսօրուան կառավարութիւնը   առաջին հերթին ժողովուրդին բացայայտէ պարտութեան պատճառները: Քառասուն օր ետք կնքուած նուաստացուցիչ համաձայնութենէն տակաւին  Հայաստանի վարչապետը ո՛չ մէկ  զեկոյց ու բացատրութիւն տուաւ ժողովուրդին եւ ոչ ալ մանրամասնեց համաձայնութեան կէտերն ու պայմանները,  բացի այն յայտարարութենէն,  թէ ինք «ամբողջական պատասխանատուութիւն կը կրէ պարտութեան, սակայն միակ մեղաւորը չէ»:

Աշխարհի մէջ բոլոր իրենք զիրենք յարգող քաղաքական ու հանրային գործիչները,  ձախողութեան կամ սայթաքելու պարագային,  նուազագոյնը արժանապատուութիւնը կ՛ունենան հրաժարելու պաշտօնէն, կամ անձնասպան կ՛ըլլան ու հայրենիքը չեն յանձներ` փրկելով իրե՛նց ալ, հայրենիքի՛ն ալ պատիւը: Կամ աւելի՛ն.  պատասխանատուն կը հրաւիրուի զինուորական ատեան եւ այնտեղ կը դատուի` ստանալով մահապատիժ կամ աքսոր: Որքա՜ն մեծամիտ պէտք է ըլլալ յաւակնելու, որ երեք միլիոն հայ հաշուող Հայաստանի մէջ պիտի չգտնուի մէկը, որ կարենայ զինք փոխարինել, ու ինք կը մնայ անդրդուելի: Եւ սառնասրտութեամբ, շարունակել կառավարութեան նիստերը նախագահե՜լ: Իսկ  խորհրդարանի պատգաւորներէն ոչ ոք  քաջութիւնը ունի հաշուետուութիւն պահանջելու վարչապետէն, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս եղաւ, ի՞նչ կատարուեցաւ: Միակ չքմեղանքը, թէ ինք ժառանգած էր «կոռումպացուած»  համակարգ մը, եւ պարտութիւնը անխուսափելի էր, մեղքի ամբողջ ծանրութիւնը բեռցնելով նախկին համակարգին վրայ:

Երկուքուկէս տարուան ընթացքին աղքատութեան եւ անգործութեան չափանիշները հատած երկրի մը, ազերիական պատերազմի  սպառնալիքներու անդադրում յիշեցումները, փտածութեան դէմ պայքարի հետեւողական հետապնդումներու հրամայականը, տնտեսական ու քաղաքական զարգացումներու ճգնաժամը չդարձան  խորհրդարանի նիստերու առանցքային նիւթերը: Ոգի ի բռին պայքարեցան օտար դրամաշնորհներու պատուէրներով միասեռականներու (լեզպիըն, կէյ, պայսեքսուէլ եւ թրանսճենտըր) ԼԿՊՏ-ի իրաւունքները ջատագովելու, Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ամսաթոշակները բարձրացնելու, (առեւանգելով անոնց անկախ որոշումներ կայացնելու ազատութիւնը), հայոց լեզուն ու պատմութիւնը պետական եւ այլ համալսարաններու մէջ պարտադիր չդարձնելու, ժողովուրդը սեւի եւ սպիտակի բաժնելու, սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու` կազմաքանդելով ազգային ինքնութեան կռուանները,  կազմալուծելով ընկերային կարողականութեան ամբողջականութիւնը, մեկուսացնելով հայրենի ընտրանին եւ սփիւռքը, իւրացնելով ազգային հիմնահարցերու որոշոմներ  կայացնելու մենաշնորհը:

Երկուքուկէս տարին եթէ կարճ ժամանակ էր, որ ներկայի Ազգային ժողովը հին համակարգը բարեփոխէր, ապա գէթ իրաւունք չունէր ժամավաճառ ըլլալու ԼԿՊՏ-ի հարցերով, ժողովուրդը երկուքի` սեւ եւ ճերմակի բաժնելով, ասֆալթին փռելու սպառնալիքներով, երբ հայրենիքի սահմաններուն կը սպառնար ազերին,  եւ զէնք, զինուոր ու զինուժ ապահովելու  պարտաւորութեան դէմ յանդիման կը գտնուէր ինք:

Անկասկած այսօրուան պարտութեան մէջ  յանցանքի իր բաժինը ունի նախկին համակարգը: Շարունակաբար, միեւնոյն վարքագիծը պահեց, եւ ունեցանք այն, ինչ ունինք այսօր:

Բարոյականութեան բոլոր սահմանները հատելով` պետական ամբողջ համակարգի որոշ ներկայացուցիչներ վայրագօրէն եւ ագահօրէն ու անխնայ կերպով կեղեքեցին ու հարստահարեցին` այլասերելով մարդ անհատին արժանապատիւ կերպով կեանքը վաստակելու բոլոր միջոցները:

Կը յաջողէ՞ր 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութիւնը», եթէ պետութիւնը եղած ըլլար արդար, ժողովրդավար եւ օրինապահ: Կը համարձակէի՞ն այս ողորմելիները պետութիւն ղեկավարելու յաւակնութիւնը ունենալու, եթէ ունեցած ըլլայինք պետական այրեր, անբասիր ու խիստ, որոնք հայրենիք ու պետութիւն կերտելու տեսլականով անաչառ ու անկաշառ, կառավարման խիստ սկզբունքներով առաջնորդուած ըլլային եւ պետութեան հիմերը դրած ըլլային արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան վրայ :

Կը մտածէ՞ր թշնամին նախայարձակ ըլլալ, եթէ ունեցած ըլլայինք ամուր ու հզօր բանակ,  զինուժ ու ռազմաքաղաքական մտածողութիւն եւ սրատես  դիւանագիտութիւն:

Խոցելի կ՛ըլլա՞ր Արցախը, եթէ բնակեցուած ըլլար, հարիւր յիսուն հազարի փոխարէն, կէս միլիոն բնակչութեամբ:

Ի զուր տեղ կը մահանայի՞ն հազարաւոր,  տակաւին աղուամազը չբուսած  պատանի ու անփորձ տղաք, եթէ մեր բանակը ըլլար զրահապատուած արդիական զէնքերով, եւ անոր շարքերը տարուէ տարի խտանային  փորձառու ու ռազմագէտ զինուորականներով :

Թշնամին կը համարձակէ՞ր անարգանքով ու արհամարհանքով ծաղրել մեզ, եթէ մեր հազարաւոր գիտնականները մնացած ըլլային  հայրենի հողի վրայ ու  հզօրացնէին  հայրենիքը`  զինուժով,  զինճարտարագիտութեամբ ու  թշնամիին հակազդող զէնքերով:

Եւ տակաւին, երկիր մը, որուն ամէն մէկ վայրկեանին պատերազմ կը սպառնար, իրաւունք ունէի՞ն անոր տէրերը անհոգ ու անպատասխանատու կերպով պետական պիւտճէն լափլիզելու եւ անպատիժ մնալու, երբ թշնամին նորանոր զէնքերով ինքզինք կ՛ապահովէ: Որո՞ւ դէմ գործածելու համար էին անոնք, եթէ ոչ` մեզի, իսկ մեր կառավարութեան անդամները դղեակներ ու առանձնատուներ շինելով զբաղեցան` վստահելով որո՞ւ, ռուսի՞ն:

Եւ… ունեցանք օֆշորային պիզնեսներ, ծախուած ազգային հարստութիւն (հանքեր), խաղատուներ, արտասահամանեան դրամատուներու մէջ դիզուած տոլարներ, թանկարժէք ինքնաշարժներ, ճոխ ճաշարաններ, աղաւաղուած հայերէն մը`  լատինահայերէն, վխտացող օտարերկրեայ վարձկան քարոզիչներ ոսկիով պարպելու հայը` ազգային բովանդակութենէ եւ եղբայր եղբօր դէմ հանելու:

Աղքատացած ու հիասթափած ժողովուրդ  հայեացքը  յառեց սահմանէն անդին ` գաղթելու, փախչելու, հեռու հայրենիքէն, նոյնիսկ թշնամու երկիրը`  Թուրքիա ապաստանելու:

«Օ՜ հիմա, հիմա կարող է երկրի սիրտը պատառուել եւ ընդերքներից Հայոց աշխարհի դուրս խուժել յանկարծ հայոց քաջերի մի անհուն բանակ»(1) ու սուրը խրել ձեր կոկորդին անկուշտ,  իշխաններ անոպայ, ո՞ւմ հողն էք դուք թալանում այդպէս անյագ:

Ահա այս է անկախութեան եւ պետութեան  ձեռքբերումներուն հանգանակը, որ յանգեցաւ ամօթալի այս պարտութեան եւ համաձայնութեան:

Երեւի մենք այսպէս ապրեր ենք դարերով, որ մեզ ալ, մեր հայրենիքն ալ կրծեր են քիչ-քիչ եւ 300.000 քառ. քմ տարածութենէն մնացեր է միայն 30.000-ը եւ այդ ալ` շնորհիւ մեր ժողովուրդի կամքին, ապրելու եւ ստեղծագործելու ոգիին, որ կը յառնի ամէն անգամ, որ գերեր են զինք կամ փորձեր են ստրկացնել, պոռթկացեր ու դարձեր բանակ, ազգ բանակն է կրկին տիրացեր իր հողին ու երկրին, լեզուին ու կրօնին, փրկեր է հայրենիքն ու հայութիւնը:

Ե՞րբ պիտի ունենանք մենք ալ վերջապէս մեր արի ու հայրենասէր լուսաւոր առաքեալը, որ պիտի գայ նոր տեսլականով ու կազմակերպչական հնարամտութեամբ պետական կառոյցներու կառավարման եւ բանակի կազմակերպման մէջ ազգային հայրենասիրական ոգին վերակենդանացնէ, հզօր հայրենիք մը ստեղծելու տեսիլքով  բորբոքած` դնէ հիմերը ժողովրդավար, արդար, օրինապահ պետականութեան, բարձրացնելով ժողովուրդին հոգեբարոյական իրավիճակն ու տրամադրութիւնները,  ուժ ներշնչելով անոր, որպէսզի յաջորդող սերունդներու մէջ վերականգնի հաւատքը  հայրենիքի հանդէպ եւ տէր կանգնին մեր ունեցածին, վերականգնի Արցախին վերատիրանալու տեսիլքը  ընդմիշտ հրապարակէն անհետացնելով` «…Ղարաբաղը ազերիական տարածք է», կամ «Պատմական իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը անիրատես ցնորք է…»  յայտարարող  դաւադիրները: Այն ատեն միայն կ’ունենանք օրէնքով կառավարուող, խաղաղութեամբ հաստատուած ու յոյսերով ծիածանուած, ապահով ու զարգացող հայրենիք, ուր ամէն հայ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ կայացած հայրենիքին  ու պետութեան:

Նոր տարի է… եւ Արցախի տուներուն մէջ տօնածառերը փոխարինուած են զոհուած ազատամարտիկներու լուսաերիզ պատկերներով, իսկ մայրերու աչքերուն արցունքները յորդահոս` չեն ամոքեր ցաւը զաւկի կորուստին…

Այդ մայրերը հիանալի, հազար յարգանք ու պատիւ իրենց, երբ տակաւին հաւատացած էին, որ «Յաղթելու ենք», իրենց զաւակներու զոհուելու  լուրին` ճզմեցին իրենց հոգիին մէջ կոտտացող ցաւը  եւ խոստացան նորերը ծնիլ, որովհետեւ փոխարէնը պիտի ունենային անփոխարինելին` հայրենիքը, բայց ահա տուին երկուքը` հայրենիքն ու  որդին: Ինչպէ՜ս ամոքել ցաւը այս մայրերուն, ինչո՛վ մխիթարել զիրենք…

Նոր տարի է, ամէն հայու տան մէջ  կ՛իշխէ ծանրակշիռ լռութիւն մը, գինին դառն եւ հացը` անհամ, իւրաքանչիւրը, խոնարհած հազարաւոր զոհերու յիշատակին, լուռ կ՛արտասուէ հոգիին մէջ: Լռութիւնը կ՛ընդհատուի աղօթքով, իննսուն տարի առաջ նոյն պայմաններու մէջ տագնապող ու նոյն կսկիծէն դառնացած հայ բանաստեղծին մաղթանքներով`

«Տէ՜ր, բարութի՛ւնդ այսօ՛ր , իմաստութիւնդ հիմա՛
պէտք է ղրկես աշխարհի` այս հիւլէին տանջակոծ.
Թէեւ մոռցան անոնք Քեզ` բայց յիմար հօտը մարդոց
Միմիայն դուն կեցնել կրնաս վիհին ճամբուն վրայ…:»
Տէ՜ր, մի թողուր որ յանկարծ  շրջեն կանթեղը  անոնք.
Ըրէ՜ զայն միշտ լուսարծարծ եւ փնտռել տո՛ւր անով ճշմարտութիւնդ անծիր……
Կաթեցուր սէր սրտին մէջ զօրաւորին այսօրուան,
զօրաւորին ալ վաղուան,
սրտերն անոնց չխցուի՜ն` այլ պարպուի՜ն ու լենա՜ն
Իրարու մէջ իրարմով,  հաղորդութեամբ մը անվերջ…..

Թող սասանին ու փշրին բարձր բերդերն  անառիկ
Ու իյնան վար պատնեշներն ԵՍՈՒԹԵԱՆՑ
Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնուի ամէն գանձ …

Թող պարտէզները բացուի՜ն եւ թող խուժե՜ն հոն մարդիկ
 բայց չկոտրե՜ն ո՛չ մէկ ծառ ու չճզմե՜ն ո՛չ մէկ ծաղիկ………………»(2)

19 Դեկտեմբեր 2020

(1).- Անդրանիկ Ծառուկեան, «Թուղթ Առ Երեւան»

(2).- Վահան Թէքէեան` Աղօթք Վաղուան Սեմին Առջեւ