Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Հայրապետական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։

Պիտի պատարագէ եւ ժողովուրդին Հայրապետական իր պատգամը ուղղէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ժամերգութիւն՝ ժամը 8:00-ին

Ս. Պատարագ՝ ժամը 10:00-ին

Ջրօրհնէք ՝ ժամը 11:00-ին

Պատգամ՝ ժամը 11:30-ին

Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Կաթողիկոսարանի «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբը։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Ս. Պատարագին, լսելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով։

ԾԱՆՕԹ.-

Մեր անմիջական շրջապատին հանդէպ ունեցած մեր նախանձախնդրութենէն մեկնելով, յանձնարարելի է յարգել քորոնա ժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները (քթակապի գործածութիւն եւ ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանում)։

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2021-ին, ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՅԻՇԱՏԱԿի Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ