Յանուն Ազգային Արժապատւութեան. «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Ար­ցա­խի ող­բեր­գու­թե­նէն ետք, կաս­կած չկայ, որ այ­լեւս ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը վտան­գի տակ մնա­ցած է։ ­Վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին կող­մէ 9 ­Նո­յեմ­բե­րի ա­մօ­թա­լի պար­տու­թեան փաս­տա­թուղ­թի ստո­րագ­րու­թե­նէն յե­տոյ յա­ջոր­դած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով, ակն­յայտ է, որ այն հրա­դա­րա­րի հա­մա­ձայ­նա­գիր մը չէր, այլ՝ հայ­րե­նի­քի գո­յու­թե­նա­կան վտան­գի շա­րու­նա­կու­թեան դառն հաս­տա­տու­մը։

Ազ­գին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը ոտ­նա­կոխ ը­րած ստո­րագ­րու­թե­նէն մէ­կու­կէս ա­միս ետք, այ­սօր այ­լեւս պաշ­տօ­նա­պէս կը խնդրո­ւի ­Ռու­սիոյ ­Դաշ­նու­թե­նէն իր խա­ղա­ղա­պահ զօր­քե­րը հաս­տա­տել ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ստեղ­ծուող սահ­մա­գի­ծին վրայ, յատ­կա­պէս ­Սիւ­նի­քի շրջա­նին մէջ ­Գո­րիս-Ս­տե­փա­նա­կերտ ճա­նա­պար­հի եւ սահ­մա­նա­յին կարգ մը հա­տո­ւած­նե­րուն վրայ վե­րահս­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար։ ­Միա­ժա­մա­նակ, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ետ կը քա­շէ զօր­քե­րը ­Ղա­փա­նի սահ­մա­նա­յին դիր­քե­րէն, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կը կը տե­ղա­կա­յո­ւի հայ­կա­կան նախ­կին դիր­քե­րուն վրայ, թուրք ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րուն դի­մաց ան­պաշտ­պան ձգե­լով սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու սահ­մա­նա­պահ հայ բնակ­չու­թիւ­նը։

­Մի­ջազ­գա­յին ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու տե­ղա­կա­յու­մը տո­ւեալ տա­րա­ծու­թեան վրայ՝ կող­մե­րու մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զայն վի­ճե­լի հար­ցի կը վե­րա­ծէ։ Իսկ, երբ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րու մի­ջեւ սա­կար­կու­թեան ար­դիւնք կը դառ­նան, այ­լեւս յստակ է, թէ զօ­րա­ւոր կող­մը ինչ պա­հանջ­ներ յա­ռաջ կը քշէ, շա­րու­նա­կա­բար ճնշե­լով եւ նո­ւաս­տաց­նե­լով դի­մա­ցի կող­մը։

Ա­լիե­ւի կող­մէ լսո­ւած յո­խոր­տանք­նե­րը, թէ Ե­րե­ւանն ու ­Սե­ւա­նը Ատրպէյ­ճա­նին կը պատ­կա­նին, կա­րե­լի չէ նկա­տել պա­տե­րազ­մա­կան յաղ­թա­նա­կի գի­նո­վու­թեան մը ար­դին­քը, այլ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յստակ ռազ­մա­վա­րու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը, որ ա­ւե­լին ու ա­ւե­լին պա­հան­ջե­լով կը յա­ջո­ղի ի­րա­գոր­ծել ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մի­ջո­ցով ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ցա­մա­քա­յին միա­ցու­մը, ­Հա­յաս­տա­նը զի­ջե­լով ­Սիւ­նի­քի հո­ղա­տա­րած­քը եւ զայն վե­րա­ծե­լով «գօ­տիի» մը, որ դուրս պի­տի մնայ մեր երկ­րի հո­ղա­յին ամ­բող­ջու­թե­նէն։

Այ­սօր, հայ­րե­նի վար­չա­կազ­մը, գլխա­ւո­րու­թեամբ վար­չա­պե­տին, միայն հան­դի­սա­տես դար­ձած է տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կա­տա­րուող սահ­մա­նա­յին լուրջ եւ վտան­գա­ւոր փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն։ Եր­կու եւ կէս տա­րի­նե­րու իր վար­չա­պե­տու­թեան օ­րե­րէն, բայց մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին դի­մաց, շրջա­հա­յեաց ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­մի փո­խա­րէն, ու­նե­ցանք ա­ղէ­տա­լի ռազ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան պար­տու­թիւն մը, որ ամ­բող­ջու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դի էու­թե­նէն հիմ­նա­զուրկ ը­րաւ ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մը, երբ այն ար­դէն Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­պա­տու­մի օ­րե­րէն խարս­խուած կը մնար հայ մար­դու հո­գեմ­տա­ւոր կա­ռու­ցո­ւած­քին մէջ։

Ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան ար­ժեզր­կում կ­՚ապ­րի։
­Ներ­կայ վար­չա­կազ­մի ան­հե­րա­տես ղե­կա­վա­րու­թեան պատ­ճա­ռով, այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ար­ժե­հա­մա­կար­գը կը փոր­ձէ դուրս գալ այն փա­կու­ղիէն, որ վար­չա­պետն ու իր խում­բը ստեղ­ծեց։

Ս­խալ է ը­սել, թէ միայն ընդ­դի­մու­թիւ­նը ոտ­քի կանգ­նած կը պա­հան­ջէ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի ան­մի­ջա­կան հրա­ժա­րու­մը, որ ար­դէն շա՜տ ու­շա­ցած է…։

­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի՝ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նէն վար իջ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը այ­սօր հա­մազ­գա­յին պա­հանջ դար­ձած է։ Այն ան­յե­տաձ­գե­լի է այ­լեւս, ո­րով­հե­տեւ ազ­գա­յին եւ հո­ղա­յին զիջ­ման վտանգ­նե­րուն դի­մաց, քա­ղա­քա­կան իր հա­սա­կէն զրկուած, պար­տո­ւած ան­ձը ի վի­ճա­կի չէ քա­ղա­քա­կան ողջմ­տու­թիւն ցու­ցա­բե­րել՝ կա­րե­նալ փրկե­լու հա­մար մեր հայ­րե­նի­քի կոր­սո­ւած ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը։ Ազ­գե­րու պատ­մու­թիւ­նը օ­րի­նա­կե­լի դա­սեր տո­ւած է այն ղե­կա­վար­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ա­մօ­թա­լի պար­տու­թիւն­նե­րու դի­մաց ցու­ցա­բե­րած են ի­րենց ազ­գի ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը խեղ­դա­մահ չը­նե­լու ու ի­րենց պաշ­տօ­նէն հե­ռա­նա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Այ­սօր, հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, թարգ­մա­նը հան­դի­սա­նա­լով ժո­ղո­վուր­դի պոռթ­կու­մին, մա­նա­ւանդ լուռ ցա­սու­մով իր զո­հո­ւած զա­ւա­կի ող­բը կամ հաշ­ման­դամ հե­րո­սի անն­կա­րագ­րե­լի ցա­ւը ապ­րող հա­յուն, ու­րիշ ելք չու­նին ե­թէ ոչ՝ պա­հան­ջել վար­չա­պե­տէն որ­պէս­զի այ­լեւս հոս կանգ առ­նէ։

Եր­կի­րը պէտք ու­նի ու­ժեղ եւ հա­մա­խումբ ղե­կա­վա­րու­թեան մը, որ յա­ռաջ պի­տի գայ նոր ընտ­րու­թիւն­նե­րով, քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն հա­սուն մի­ջա­վայ­րի մէջ, ա­ռի­թը տա­լով մեր երկ­րին հա­մա­խո­հու­թեամբ եւ միաս­նա­կան ու­ժե­րու խմբո­ւա­ծու­թեամբ ստեղ­ծել ա­պա­գա­յի իր ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղե­գի­ծը։

­Վազ­գէն ­Մա­նու­կեա­նի յա­ռաջ բե­րո­ւած թեկ­նա­ծու­թիւ­նը վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին վրայ պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րէ այդ կա­րե­ւոր ան­ցու­մա­յին ըն­թաց­քը, ո­րուն կա­րի­քը ու­նի այ­սօր հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան մի­ջա­վայ­րը մին­չեւ նոր ընտ­րու­թիւն­ներ։ Ան­ցու­մա­յին շրջա­նը հայ­րե­նի ի­րա­կա­նու­թեան հա­մար դժո­ւար ժա­մա­նակ մը պի­տի ըլ­լայ, սա­կայն այն պէտք է հի­մե­րը դնէ ­Հա­յաս­տա­նի նոր է­ջի բաց­ման, Ար­ցա­խի կրած վէր­քե­րու բուժ­ման, հա­յու­թեան վե­րախմբա­ւոր­ման, նոր ե­րան­գա­ւո­րու­մով միաս­նա­կա­նու­թեան վե­րա­ծաղկ­ման, ո­րոնց ամ­րապն­դու­մը նոյ­նիքն հայ ժո­ղո­վուր­դի քո­ւէի ու­ժին մէջ ամ­բա­րո­ւած է։

Այ­սօ­րո­ւան ձա­խո­ղած իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը գէթ հի­մա պար­տին ցու­ցա­բե­րել քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թիւն եւ տե­ղի տալ։ ­Յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան վե­րա­կանգ­ման։