Հաւատքի Զօրութեամբ Եւ Ամուր Միասնականութեամբ Կարելի Է Յաղթել` Մեզի Պարտադրուած Բոլոր Գոյամարտերը. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Հոգեհանգիստ Արցախի Նահատակներուն

Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Արցախի պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Այս տխուր առիթով վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ «հայրենիքին համար արիւն թափողները հերոսներ ու նահատակներ են: Արդարեւ, մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին հայը` զինուոր թէ շինարար, մտաւորական թէ հոգեւորական միշտ յանձնառու եղած է իր անձը զոհելու հայրենիքին համար»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Արցախի պատերազմը հայրենիքի ու հայու գոյամարտն է: Այս գիտակցութեամբ մեր նահատակները զոհուեցան: Նոյն այս գիտակցութեամբ բոլոր հայորդիները պատրաստ պէտք է ըլլան հայրենիքի ու անոր անկախութեան համար պայքարելու, որովհետեւ հայութեան ու հայրենիքի գոյամարտը կը շարունակուի: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մենք կրնանք մեզի պարտադրուած բոլոր գոյամարտերը յաղթել հաւատքի զօրութեամբ ու ամուր միասնականութեամբ»:

Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Արցախի պատերազմի վիրաւորներուն եւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն` սգաւոր բոլոր ընտանիքներուն: