Սան Ֆրասիսքոյի եւ Շրջակայքի Հայ Գաղութը Զօրավիգ Կը Կանգնին Արցախի եւ Աղաւնոյի Հերոսական Ժողովուրդին. ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

«Չկայ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, Այլ Կայ Մէկ Ժողովուրդ՝ Արդարութեան Համար Համայն Պայքարով»

Սիրելի հայրենակից,

Այսօր Արցախի Բերձոր (Լաչին) շրջանի Աղաւնոյ գիւղը վար կ՛առնէ իր զէնքերը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած ամօթալի

զինադադարին համաձայն՝ վերջ տալու համար Ատրպէյճանի 27 Սեպտեմբեր 2020ին սկսած Արցախի դէմ պատերազմը:

Աղաւնոն փոքր գիւղ մը ըլլալով հանդերձ՝ ունի քաջասիրտ բնակիչներ, որոնք այս տարի Յուլիսին, լսելով Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին դէմ ատրպէյճանցիներու կողմէ կատարուած ատելութեան ոճիրը՝ իրենց գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի առաջնորդութեամբ ձեռնարկեցին հանգանակութեան՝ վարժարանին զօրավիգ կանգնելու եւ կատարուած վնասները նորոգելու նպատակով:

Իրենց՝ կատարած համեստ սակայն ազդեցիկ նեցուկ կանգնելու նպաստը աննշմար պիտի չմնայ, մամաւանդ իրենց այս դժուար օրերուն:

Հակառակ անոր որ այսօր Արցախ կը գտնուի անորոշ ժամանակներու մէջ, ամիսներ առաջ Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի տուած պատգամը տակաւին կը մնայ այժմէական. «Չկայ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, այլ կայ մէկ ժողովուրդ՝ արդարութեան համար համայն պայքարով»:

Սան Ֆրասիսքոյի եւ շրջակայքի հայ գաղութը զօրավիգ կը կանգնին Արցախի եւ Աղաւնոյի հերոսական ժողովուրդին: Միասնականութեամբ պիտի նուաճենք մեր ազգային պայքարի արգելքները յանուն մեր ժողովուրդի իր նախնիներու երկրի՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի վրայ ապրելու նպատակին: