Համազգայինի Նախաձեռնութեամբ Նշուեցաւ Ռազմիկ Դաւոյեանի 80-ամեակը

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ Կինոյի եւ թատրոնի պետական հիմնարկի դահլիճին մէջ նշուեցաւ բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանի ծննդեան 80-ամեակը: Անոր գրական ժառանգութեան եւ հասարակական գործունէութեան մասին խօսեցան անուանի մտաւորականներ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան, գրող-հրապարակախօս Ռոլանդ Շառոյեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Վարդան Պետրոսեան եւ ուրիշներ:

Ձեռնարկը բացուեցաւ պահ մը լռութեամբ՝ Արցախեան գոյամարտին ընթացքին նահատակուած հերոսներուն ի յիշատակ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, գնահատելով գրողին վաստակը՝ յայտնեց, որ «այս օրերուն, այսպիսի ձեռնարկներ եւս մէկ հաւաստումն են մեր անկոտրում կամքին»:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, խօսելով Ռազմիկ Դաւոյեան մարդուն եւ գրողին մասին՝ գնահատեց անոր վաստակը նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի հիմնադրութեան գործին մէջ: