Դատապարտելով Սրբավայրերու Ռմբակոծումը . Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Շինիչ Երկխօսութեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ դատապարտելով Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երէկ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերէն ի զօրու նկատուող զինադադարի խախտումին գծով:

12 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր հաղորդագրութեամբ նշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոհան Սոսա իր եւ խորհուրդին անունով խոր մտահոգութիւն յայտնեց զինադադարի խախտումին պատճառով ինկած զոհերուն համար: Ան յայտնեց, որ խորապէս ցնցուած էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման լուրերէն, ուր ապաստանած էին քաղաքացիներ: Հաղորդագրութիւնը խիստ կերպով դատապարտեց կրօնական եւ մշակութային կեդրոններու վրայ յարձակումները:

Հաղորդագրութիւնը այս առիթով կոչ ուղղեց շինիչ երկխօսութեան` մաղթելով, որ հոգեւոր պետեր եւ որոշում կայացնող ղեկավարներ խորհրդակցին եւ խաղաղ եզրայանգումի հասնին, յարգելով փոխադարձ մարդկային արժանապատուութիւնը, սրբավայրերն ու խաղաղ համերաշխութիւնը: