Դատապարտելով Հակահայ Յարձակումները` Լիբանանի Երեսփոխան Թալալ Արսլան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայ Ժողովուրդին

Աշխարհ, Հայաստան

Դատապարտելով Հայաստանի սահմանագիծին ուղղութեամբ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուող յարձակումները` Լիբանանի երեսփոխան  Թալալ Արսլան հետեւեալ գրառումը կատարած է Twitter-ի իր էջին վրայ.

«Շրջանին մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը մեծ պետութեանց եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պարտականութիւնն է, եւ Հայաստանի դէմ կատարուած ու այսօր շարունակուող յարձակումը մերժելի եւ դատապարտելի է»:

«Կը զօրակցինք ու կողքին կը կանգնինք  հայ ժողովուրդին, որուն հետ ունինք պատմական սերտ կապեր, եւ իրաւունքի տէր պահանջատէրը յաղթական է ամէնուրեք ու ամէն ատեն»,- գրած է երեսփոխան Արսլան: