Թուրքիոյ Վարքագիծը Կը Ստիպէ, որ Հայերը Իրենց Վատ Զգան. Էսդուգեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս»-ի հայերէն բաժինի խմբագիր, հայ համայնքի շրջանակներուն մէջ ծանօթ հասարակական գործիչ Բագրատ Էսդուգեան «Euronews»-ի թրքական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդիրին եւ վերջին զարգացումներուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Էսդուկեան նշած է, որ տարիներով շարունակուող պատերազմը համաձայնագիրով չհանգուցալուծուելուն պատճառը կապուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ճգնաժամի հետեւանքով ստեղծուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամներուն հետ։ Անոր կարծիքով՝ այդ երկիրները կը սատարեն ոչ թէ խաղաղութեան, այլեւ փակուղիին։

Պոլսահայ գործիչը, անդրադառնալով արցախա-ազրպէյճանական պատերազմի շուրջ Թուրքիոյ որդեգրած դիրքորոշման, յայտնած է․

«Թուրքիոյ վարքագիծը կը ստիպէ, որ հայերը իրենց վատ զգան»։ 

Էսդուգեան նկատած է, որ Թուրքիան վերջին 6 տարուան ընթացքին փոփոխութիւններ կրած է։ Անոր խօսքով՝ մտահոգիչ է, որ այդ երկրին մջէ վերացած են աշխարհիկ եւ ժողովրդավարական կառոյցները։

Ան ճիշդ չի համարեր Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ազրպէյճանին ընդդէմ Հայաստանի` աւելցնելով, որ այդուհետ բաւական դժուար կը թուի, թէ Հայաստանը եւ Թուրքիան լաւ յարաբերութիւններ պիտի կառուցեն։ 

Ինչ կը վերաբերի այս պատերազմին պատճառով Թուրքիոյ մէջ տարածուած ատելութեան խօսքին, ուստի ան այդ ամէնը կը կապէ ազգայնականութեան հետ։