Համայն Ազգիս Նուիրեալ Աստուածներուն. Ռազմիկ Տունկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արցախը Հայաստան է հայու հող եւ հայրենիք։ Հերթական սանդրանքը նոյն կերպ էր, սակայն աւարտը երբէք։ Մեզ ճնշեցին այնքան որ մենք յաւերժ միաձուլուինք, ամրանանք։ Մեզ նեղեցին այնքան որ մեր կաշուին տակ թողթոջող հոգին ամլեցինք մահու զգացումը խեղդելով։Մենք անհոգիներ ենք այժմ, թշնամու դէմ խռուած, պինդ ու անսիրտ էակներ ենք ոսոխի արեան քաղցած։ Մենք մահը պարուրող, մահը փնտռող որդիներն ենք արդար հողին։ Բազմահազար տարիներ մեր գոյութեան ամրոցէն սնած, սերունդէ սերուդ արմատացած, նոյն հողին վերադառնալու համեստ ուխտաւորներն ենք ազատ։

Մեզ կը հարուածեն, պիտի հարուածեն, թո՜ղ հարուածեն, մենք արդար օրէնք ենք կեանքին ու պատիժը անոր, խի՛ստ ու անողոք։ Բայց թող յիշեն, բոլոր ազգերը, բոլոր դաշնակից ու ամբողջ թշնամի, մեր զարկին օրհնանքը հինուց է, պատմական հայկի նետի հարուածէն, պին պաշիներու զգետնող հայդուկի գնդակներէն, եղեռնը պատժող ջղացիգ արդարներէն, մինչեւ ազատ ու անկախ երկրի սահմանները պահող խիզախ զինուորներ։ Մեր զարկի ճշդութիւնը հայ մարտիկի արիութիւնը չէ միայն, այլ անոր խաղաղ խղճի մաքրութեան, ծնողաց հանդէպ որդիական, զաւակաց հանդէպ հայրական պարտքի եւ ազգի պատմութիւնը անպարտութեամբ նուաճելու բաղձանքին մէկտեղումն է։Եւ կը յիշեն ու երկար կը որոնեն, հայու արարող ոգիի, անոր սխրանքին ու կեանքը սիրելու համոզմունքին գաղնիքը, սակայն մինչ այդ, սրբազան գործը կը շարունակուի, հողը կը պահուի եւ խօսքը կը դառնայ գործ ու ապացոյց։ Հայը ինչպէս միշտ, օրհասական պահին, անգամ մը եւս ցուցաբերեց հայրենասիրութեան, անձնազոհութեան, խիզախութեան ամենաերանելի ոգին, ազգ-բանակ համոզմունքին ամենանուիրական օրինակով։

Թշնամին իր սմերչով, տրոններով, ուղաթիռներով ու հրթիռներով մեր խաղաղ բնակավայրերը թիրախաւորելով մենք կը պատասխանենք նոյնքան ցաւցնող, առաւել սահմռկեցնող ու կը յաղթենք։Ամէն մէկ նահատակի ցաւով, մեր սրտերուն մէջ բացուած վէրքով, հայրը զաւկին, պապը թորան հետ խրամտին մէջ իյնալով մենք կը յաղթենք։ Մօր արցունքներուն մէջով անցած, ծով համբերանքով, մենք անպայման կը յաղթենք, իսկ երբ Հայ մանուկներն անգամ այսօր գիտեն արդար կռուի ու յաղթանակի մասին, անոնք հասակ կառնեն կերտուած պատմութեան ոգեշնչող էջերով ու լիակատար յաղթանակին կը դառնան կռուան.Ընդմիշտ ու վերջնական մենք ենք յաղթական։Թող ներեն բոլոր նահատակները որոնք ինկան արդար մարտնչումով ու մենք մնացինք, անոնք մեր հողը միւռոնեցին։

Համայն ազգիս նուիրեալ աստուածներուն, աննահանջ ու հաստատակամ դէպի յաղթանակ կամ երկինք ճամբու եզրին կանգնած սուրբերուն._ Դուք տրոփն էք մեր սրտին, լոյսն էք մեր աչքին, դուք անսահման հպարտանաքն ու պարծանքն էք ողջ ազգին։Պի՛նդ կացէք, քանզի դուք մեր պահպանիչն էք, մեր յոյսն ու հաւատքը։ Պինդ կացէ՜ք, քանզի իր օրինակով, դուք ազգի փրկիչն էք չարէն, քանզի դուք մեր այժմու Յիսուսն էք, մարտիրոսացած հայու Քրիստոսը։