ԵԱՀԿ-ի Մէջ Տարածուած է Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Անհրաժեշտութեան Մասին Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է` տեղեկացնելով, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ յայտարարութիւնը, ուր մասնաւորապէս, կ՛ընդգծուի.

«Կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը` Արցախի քաղաքացիներու կեանքի եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքներու ապահովման համար: Ստեղծուած պայմաններուն մէջ Արցախի միջազգային ճանաչումը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման միակ գործող մեքանիզմն է»: