Յիշատակի Խօսք Պատուելի Սեւակ Թրաշեանին

Սփիւռք

Արաքս Փաշայեան

Հոկտեմբեր 3-ին Պէյրութի մէջ սրտի կաթուածէն անժամանակ կեանքէն հեռացաւ հայ հասարակական, եկեղեցական գործիչ պատուելի Սեւակ Թրաշեան:

Սեւակ Թրաշեան ծնած է 1978-ին Յակոբ եւ Սիրվարդ Թրաշեաններու ընտանիքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Խանամիրեան վարժարանէն: 2002-ին աւարտած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը` ստանալով «Պսակաւո՛ր արուեստից» վկայականը: Այդ շրջանին Սեւակը արդէն ընտրած էր իր կեանքի ուղին` հովուական ծառայութիւնը հայ աւետարանական համայնքէն ներս: 2006-ին յաջողութեամբ աւարտած է ուսումը Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանէն` ստանալով աստուածաբանական մագիստրոսի տիտղոս: Քեսապը եղած է պատուելի Սեւակ Թրաշեանի հովուական առաջին ծառայութեան վայրը, կարելի է ըսել` նաեւ փորձաքարը (2006-2014 թթ.): Սուրիական պատերազմի շրջանին եւ յատկապէս 2014-ի Քեսապի գրաւման օրերուն պատուելի Թրաշեան շօշափելի դերակատարութիւն ունեցաւ Քեսապի հայութեան ապահով վայրեր տեղափոխելու եւ ընդհանրապէս շրջանի հայ համանքի ազգային-հոգեւոր կեանքը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու գործին մէջ: Այդ տարիներուն Սեւակը նոյնիսկ սորված է Քեսապի շրջանի իւրայատուկ ու բարդ բարբառը: 2014-էն մինչ օրս Սեւակ Թրաշեան Պէյրութի հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ (Նոր Ամանոս) հովիւն էր, նաեւ` Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կրթական խորհուրդի եւ Պուրճ Համուտի Շամլեան- Թաթիկեան դպրոցի հոգաբարձուներու խորհրդի անդամը:

2020-ի Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք պատուելի Սեւակը հայ աւետարանական շրջանակներու մէջ ձեռնամուխ եղաւ համայնքի վերականգնման աշխատանքներուն: Ան իր հովուական ծառայութեան 14  տարիներու ընթացքին յատկանշուեցաւ իր մարդկային ու մասնագիտական բարձր որակներով: Ան Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ համայնքներու ազգային-հոգեւոր, եկեղեցական եւ կրթական կեանքին մէջ ներդրում ունեցող գործիչ է: Սեւակը հայ ժողովուրդի ազնիւ, նուիրեալ, հայրենասէր զաւակներէն է, որուն խոհերն ու մտածումները ուղղուած էին Հայաստանին, Արցախին, Լիբանանին ու Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան:

Անոր անժամանակ մահը կիսատ ձգեց շատուշատ երազանքներ: Սեւակ Թրաշեանի կորուստն անչափելի է նաեւ Լիբանանի հայ համայնքին համար: Պատուելի Սեւակի յիշատակը վառ պիտի մնայ անոր հարազատներուն ու ընկերներուն սրտին մէջ:    

Սիրելի՛ Սեւակ, դուն շատ կարճ ապրեցար, բայց` ճիշդ ու օրինակելի։ Ես կը հաւատամ, որ դուն պիտի ապրիս, դուն պիտի շարունակես ապրիլ մեր մէջ, քանի որ քու պարզ ու ազնիւ մարդկային կերպարը մեզ պիտի ներշնչէ` առաջ շարժելու դէպի մեր երազանքները։