Մենք Չենք Կրնար Արտօնել Օսմանեան Կայսրութեան Ուրուականի Վերադարձ. Նախագահ Արմէն Սարգսեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան բացման խօսքով հանդէս եկած է առցանց իրականացուող գերանվտանգութեան միջազգային խոշոր «CYBERSEC2020» համաժողովին, որ տեղի կ՝ունենայ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութեամբ: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ համաժողովի մասնակիցներուն մէջ են նաեւ Էսթոնիոյ նախագահ Գերսդի Գալիւլայտը, Եւրոպական յանձնաժողովի գործադիր փոխնախագահ Մարգրետ Վեսդակերը, ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Միրչիա Ճոանան, Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Տիդա Չարանզովան, տարբեր երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու, համաշխարհային ընկերութիւններու ղեկավարներ:

«CYBERSEC»-ը կը համարուի գերանվտանգութեան խնդիրներուն նուիրուած եւրոպական ամենախոշոր համաժողովներէն մէկը, որուն նպատակն է քննարկել նոր ճարտարագիտութիւններու հետեւանքով յառաջացած մարտահրաւէրներն ու վտանգները, ինչպէս նաեւ թուային լուծումներն ու ճարտարագիտութիւնները ի շահ հանրութիւններու օգտագործելու հնարաւորութիւնները:

Հանդէս գալով բացման խօսքով՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է ներկայիս գերփոխկապակցուած աշխարհի մէջ գերանվտանգութեան ոլորտի խնդիրներուն ու սպառնալիքներուն, անոնց յաղթահարման հնարաւորութիւններուն: Հայաստանի նախագահը յատկապէս ընդգծած է երկխօսութեան կարեւորութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ:

«Երկխօսութիւնը կարեւոր է: Երկխօսութիւնն է լուծումը, ոչ թէ ճարտարագիտութիւնները: Իւրաքանչիւր ճարտարարուեստի դէմ պիտի յայտնուի նոր ճարտարարուեստ, եւ եթէ փորձես դուն քեզի պաշտպանել միայն ճարտարագիտութիւններ օգտագործելով, ուստի շատ հաւանական է՝ ձախողիս»,-ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Ընդգծելով, որ մարդկային երկխօսութիւնը ամենակարեւորն է, Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է Ազտրպէյճանի հրահրած ռազմական վերջին գործողութիւններուն. «Հայաստանի նման երկիրը ամէն օր կը դիմակայէ գերսպառնալիքները, որոնք կու գան ոչ միայն մեր հարեւան Ազրպէյճանէն, այլեւ Թուրքիայէն, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ է: Ցաւօք սրտի, այս վերացական սպառնալիքը աւելի եւ աւելի նիւթական կը դառնայ:

Թերեւս լսած եք, որ Ազրպէյճանը Կիրակի օր հակամարտութիւն սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ: Պէտք է յայտարարեմ, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան լիակատար կերպով կ՝աջակցի Ազրպէյճանին իր ելեկտրոնային տրոններու՝ գերյարձակումներու, ինչպէս նաեւ անձնակազմի՝ խորհրդատուներու, վարձկաններու եւ անգամ F-16 կործանիչներու միջոցով:

Ասիկա ողջ աշխարհի մէջ բնակող ցանկացած հայու համար որեւէ առումով ուրուականի վերադարձ է: Եւ եթէ այդ ուրուականը ի սկզբանէ վերացական էր, ուրեմն անիկա այժմ դարձած է նիւթական: Ինչու կ՝ըսեմ ուրուական. ատիկա Օսմանեան կայսրութեան ուրուականն է, որ 105 տարի առաջ ծրագրեց եւ իրականացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ոչ մէկ պարագայի մենք կրնանք արտօնել, որ այդ ցեղասպանութիւնը կրկնուի:

Ո՞ւր է լուծումը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային լուծումը նոյնպէս երկխօսութիւնն է, երկխօսութիւնը կողմերու միջեւ: Գոյութիւն ունի հարթակ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, որ ունի երեք համանախագահ երկիր՝ Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները: Մենք պէտք է վերադառնանք երկխօսութեան: Թէ՛ նիւթական, թէ՛ գերհակամարտութիւններու պարագային կայ լուծման միայն մէկ ճանապարհ՝ երկխօսութիւն»:

Արձագանգելով նախագահ Սարգսեանի խօսքին՝ գագաթնաժողովի ատենապետը մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք համաձայն ենք Ձեր հետ, պարոն նախագահ, որ երկխօսութիւնը կարեւոր է: Խօսելով երկխօսութեան եւ այս դժուար ժամանակներուն մասին՝ մէկ անգամ եւս կ՝ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Ձեր մտքերը ներկայացնելու համար: Ահա թէ ինչպէս ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարը՝ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ապատուրայը մեկնաբանած է իրավիճակը. «ՆԱԹՕ-ն խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի սահմանագիծի ողջ երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին տեղեկութիւններուն առնչութեամբ: Կողմերը պէտք է անյապաղ դադրեցնեն ռազմական գործողութիւնները, որոնք արդէն յանգեցուցած են զոհերու քաղաքացիական բնակչութեան մէջ: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Կողմերը պէտք է վերսկսին բանակցութիւնները՝ հասնելու խաղաղ կարգաւորման: ՆԱԹՕ-ն կ՝աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն»: