Հայկական Կողմը Տեսանիւթ Հրապարակած է Ազրպէյճանական Կողմի Զինամթերքի Հերթական Խոցումներուն Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող լայնածաւալ գործողութիւններուն ընթացքին ՊԲ տորաբաժանումները առանձին հատուածներու վրայ յաջողութեամբ կ՝իրականացնեն պատժիչ գործողութիւններ։ Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Տարբեր անմիջականութեամբ մարտեր կ՝ընթանան։ ՊԲ ստորաբաժանումները առանձին հատուածներու վրայ յաջողութեամբ կ՝իրականացնեն պատժիչ գործողութիւններ։ Մեր զինծառայողներու մարտական ոգին բարձր է»,- նշած է Ստեփանեան եւ կից հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր կ՝երեւին հայկական կողմէն ազրպէյճանական զինամթերքի հերթական խոցումները: