Հակառակորդը Կորսնցուցած է Եւս Տասը Զրահամեքենայ

Աշխարհ, Հայաստան

Հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը նախաձեռնած է հրասայլային գրոհ, սակայն, հանդիպելով ՊԲ հրասայլային ու հակահրասայլային ստորաբաժանումներու յամառ դիմադրութեան, ծաւալուած հրասայլային մարտին մէջ կորսնցուցած է տասը զրահամեքենայ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան:

«Մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Անմիջական-մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ»,- գրած է ան: