Սերժ Թանքեան Artsakh Երգով Ոգեւորած է Արցախի Մէջ Մարտնչող Զինուորները

Այլեւայլ, Սփիւռք

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a down խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան հրապարակած է Artsakh երգի  չթողարկուած տարբերակը` զայն նուիրելով հայ զինուորներուն, որոնք Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններու հետեւանքով կենաց-մահու կռիւ կը մղեն թշնամիին դէմ:

Երգին կից ան «Ֆէյսպուք»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է․ «Այս ընթացքին, երբ Հայաստանն ու Արցախը կը պաշտպանուին Ազրպէյճանի քարիւղասակաւապետական, կաշառակեր ղեկավարութեան մաշտապային յարձակումէն, ես յիշեցի Artsakh Song երգի մասին, որ գրած եւ թողարկած եմ 2016 թուականին` Ազրպէյճան յարձակումէն ետք»:

Թանքեան ընդգծած է, որ կը հրապարակէ երգի չթողարկուած տարբերակը:  «Հազարամեակներ շարունակ մեր մշակոյթը պահպանած է մեր ազգը, եւ մենք կը տեսնենք այս վերջին պայքարը եւս: #artsakhstrong #stopazeriaggression #artsakhisarmenia #stopaliyev»,-եզրափակած է ան: