Ռուսիան Կապի Մէջ է Թուրքիոյ Հետ Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակի Հետ Կապուած. Փեսքով

Հայաստան

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող  իրավիճակը Ռուսիոյ համար լուրջ անհանգստութիւն է: Այս մասին sputnik-ի ուղիղ եթերով այս մասին ըսած է  Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով:

«Իրավիճակի սրումը կապուած չէ դուրսէն Ռուսիոյ համար նոր դժուարութիւններ ստեղծելու փորձին հետ: Մարտական գործողութիւնները պէտք է անյապաղ վերջ գտնեն:  Հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է տեղափոխուի քաղաքական եւ դիւանագիտական դաշտ», -ըսած է Փեսքով:

ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակը նաեւ նշած է, որ Ռուսիան կապի մէջ է Թուրքիոյ հետ Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ:

Անոր կարծիքով` այժմ ժամանակը չէ հասկնալու, թէ ով ճիշդ է, ով` սխալ, այլ անյապաղ պէտք է դադրեցնել կրակը:

«Անհրաժեշտութեան պարագային Փութին պիտի խօսի Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ»,- ըսած է Փեսքով: