Եզիտիական Համայնքի Բազմաթիւ Ներկայացուցիչներ Կը Կամաւորագրուին Արցախ Մեկնելու Համար

Հայաստան

Հայաստանի եզիտիական համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ կը զինուորագրուին եւ կը մեկնին Արցախ` պաշտպանելու Հայրենիքի սահմանները:

«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի եզիտիներու ազգային միութեան նախագահ Ազիզ Թամոյեան:

Արմաւիրի մէջ քաղաքացիները կազմակերպուած կը զինուորագրուին Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին: Կը զինուորագրուին եւ Արցախ կը մեկնին նաեւ բազմաթիւ եզիտիներ:

«Մեր համայնքէն դեռ երէկուընէ բոլորը կ՛երթան զինուորական կեդրոններ եւ կամաւորագրուին: Եզիտիները միշտ պատրաստ են պաշտպանել հայրենիքը»,- նշած է Թամոյեան:

Անդրադառնալով արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին` Հայաստանի եզիտիներու միութեան նախագահը ընդգծած է, որ խստօրէն կը դատապարտէ:

«Շփման գիծին վրայ տեղի ունեցողը անմարդկային գործողութիւններ են, եւ ես խստօրէն կը դատապարտեմ: Ազրպէյճանական կողմը շատ թշնամական քաղաքականութիւն կը վարէ, իսկ Թուրքիան ալ կ՛օժանդակէ»,- ըսած է ան: