Արցախի Ժողովուրդը Կը Մարտնչի Թուրք-ազրպէյճանական Դաշինքին Դէմ

Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր յայտարարած է, որ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակումը դեռ կը շարունակուի եւ, հակառակ անհերքելի փաստերուն, Ազրպէյճան դիմած է բացայայտ կեղծիքներու տարածման` մեղադրելով հայկական կողմը մարտական գործողութիւններ սանձազերծելուն մէջ:

«Ազրպէյճանի ներկայ յարձակումը Արցախի դէմ կը բնութագրուի երկու կարեւոր առանձնայատկութեամբ.

 Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի մակարդակով հրապարակաւ hրաժարած է խաղաղ գործընթացէն եւ խնդիր դրած ղարաբաղեան հիմնախնդիրը լուծել լայնածաւալ պատերազմով,

Երկրորդ, այս նպատակի հետապնդման համար Ազրպէյճան կը ստանայ Թուրքիոյ լայնածաւալ ռազմաքաղաքական աջակցութիւնը:

 Յատկանշական է, որ Թուրքիան սատարած է Ազրպէյճանին ղարաբաղեան հակամարտութեան ծիրէն ներս դեռեւս անցեալ դարի 90-ական թուականներէն, երբ ցամաքային շրջափակման ենթարկեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այնուհանդերձ, այս յարձակումը եւ ատոր նախապատրաստուելու ընթացքին Թուրքիոյ աջակցութիւնը կրած է որակական փոփոխութիւններ եւ կը բնութագրուի ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմին վրայ Թուրքիոյ ուղղակի ներկայութեամբ:

Ազրպէյճանի հետ կողք-կողքի կը մարտնչին թրքական ռազմական մասնագէտները, որոնք կ՛օգտագործեն թրքական արտադրութեան սպառազինութիւն, ներառեալ` անօդաչու թռչող սարքեր եւ ռազմական օդանաւեր: Արժանահաւատ աղբիւրներէ առնուող տեղեկութիւններուն համաձայն` Թուրքիա կը հաւաքէ օտար ահաբեկիչ զինեալներ եւ կը տեղափոխէ Ազրպէյճան: Միաժամանակ Թուրքիան բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով լիարժէք քաղաքական եւ քարոզչական աջակցութիւն կը տրամադրէ Ազրպէյճանին: 

Փաստացիօրէն ստեղծուած է իրավիճակ մը, երբ Արցախի ժողովուրդը կը մարտնչի թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին դէմ: Թուրքիան, որ մէկ դար առաջ բնաջնջած է իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրող հայ ժողովուրդը եւ մինչ օրս կ՛արդարացնէ այդ ոճիրը, ներկայիս հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը սատարէ Ազրպէյճանին` այդ նոյն ցեղասպան գործողութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ իրականացնելու համար: Թուրք-ազրպէյճանական այս ցեղասպան դաշինքը լուրջ սպառնալիք է տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար:

 Հայաստան եւ Արցախ վճռական են իրենց ողջ կարողութիւններով դիմակայելու եւ չէզոքացնելու այդ դաշինքի մտադրութիւնները: Հայկական կողմերու այդ վճռականութիւնը այլընտրանք չունի, քանի որ կ՛արտայայտէ հայ ժողովուրդին` իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու անկոտրում կամքը: 

Հայաստան ամբողջովին վստահ է, որ Ազրպէյճանի ռազմական արկածախնդրութիւնը պիտի ձախողի եւ Ազրպէյճան պարտադրուած պիտի ըլլայ հրաժարիլ ռազմական ճանապարհով հիմնախնդրի կարգաւորման իր մտադրութենէն ու Արցախի ժողովուրդին հետ խօսելու ոչ թէ հրանօթներու լեզուով, այլ խաղաղ բանակցային սեղանի շուրջ»,- ըսուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ: