Որեւէ Բան Մեզի Ետ Չի Կանգնեցներ Արցախի Ժողովուրդի Ազատութիւնը Պաշտպանելու Ճանապարհէն. Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը նշէ, թէ Հայաստանին որեւէ բան ետ չի կանգնեցներ Արցախի ժողովուրդի ազատութիւնն ու իրաւունքը պաշտպանելու ճանապարհէն: Այս մասին վարչապետը գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ:

«Ոչի՛նչ, ոչի՛նչ, որեւէ բան մեզի ետ չի կանգնեցներ Արցախի ժողովուրդի Ազատութիւնն ու Իրաւունքը պաշտպանելու ճանապարհէն:

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը: Կեցցէ՛ Արցախի հերոսական ժողովուրդը: Փա՛ռք Հայոց բանակին»,- գրած է վարչապետը: