Կամաւորագրման Անհրաժեշտութիւն Չկայ, Առաջանալու Պարագային ՀՀ ՊՆ-ն Հանդէս Պիտի Գայ Յատուկ Յայտարարութեամբ

Հայաստան

Վերջին ժամերուն կ՝արձանագրուին բազմաթիւ դէպքեր, երբ հանրապետութեան ողջ տարածքին զինուորական կեդրոններ կը դիմեն անհատ քաղաքացիներ եւ խումբեր (մինչեւ 10,000 մարդ)՝ զինուորագրման եւ արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծ մեկնելու խնդրանքով։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, բարձր գնահատելով մեր հայրենակիցներուն պատրաստակամութիւնը, կը յայտնէ, որ այս պահուն կամաւորագրման անհրաժեշտութիւն չկայ, իսկ առաջանալու պարագային ՀՀ ՊՆ-ն հանդէս պիտի գայ առանձին, յատուկ յայտարարութեամբ։