Ազրպէյճանի Յարձակման Հետեւանքով Մարտունիի Շրջանէն Կին Մը Եւ Փոքրիկ Մը Զոհուած Են

Հայաստան

Ազրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Արցախի Մարտունի շրջանէն կին մը եւ փոքրիկ մը զոհուած են: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան:

«Ազրպէյճանական հրետակոծութիւններուն հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կան զոհեր ու վիրաւորներ: Մարտունի շրջանին մէջ զոհուած է երկու անձ՝ կին մը եւ փոքրիկ մը, կայ նաեւ երկու վիրաւոր: Մնացեալ բնակավայրերուն մասով տուեալները կը ճշտուին: Հրետակոծած են նաեւ դպրոցներ, ներառեալ՝ Ստեփանակերտի մէջ: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու մեծ չափի վնասներ կան բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ»,- գրած է ան: