Ասիկա Կենաց Մահու Կռիւ Է, Որ Կ՝ընդունինք Ամբողջ Ազգով եւ Ամբողջ Ազգով Յաղթանակ Պիտի Տանինք. Արցախի Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպած է առաջին կամաւորականներուն. Արցախի նախագահը կը հաւաստիացնէ՝ զինուած ուժերը իրենց դիրքերուն վրայ ամուր են, իսկ պատասխանը պիտի ըլլայ համաչափ: Այս մասին Արցախի նախագահը գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ:

«Այսօր վաղ առաւօտեան, սահմանագիծի ողջ երկայնքով եւ բազմաթիւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ թշնամին սկսած է աշխոյժ հրետակոծութիւն: Բնակչութեան կոչ կ՝ընենք պատսպարուելու եւ հանգստութիւն ցուցաբերելու:

Քիչ առաջ հանդիպած եմ մեր առաջին կամաւորականներուն: Կը հաւաստիացնեմ՝ մեր զինուած ուժերը իրենց դիրքերուն վրայ ամուր են, իսկ պատասխանը պիտի ըլլայ համաչափ: Իրավիճակի ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ իւրաքանչիւր կորուստի համար պատասխան պիտի տայ:

Ասիկա կենաց մահու կռիւ է, որ կ՝ընդունինք ամբողջ ազգով եւ ամբողջ ազգով յաղթանակ պիտի տանինք»,- գրած է Յարութիւնեան: