Ազրպէյճանի Սադրանքը Նախապէս Ծրագրուած Էր. Պաքուի եւ Անգարայի ԶԼՄ-ները Առաջնագիծէն Նիւթեր Կը Հրապարակեն

Աշխարհ, Հայաստան

Այն հանգամանքը, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է «հակայարձակում» սկսելու մասին, կը փաստէ, որ գործողութիւնները շատոնց ծրագրաւորուած եղած են։ Այդ մասին կը վկայէ նաեւ այն հանգամանքը, որ աստիճանաւոր յարձակման մասին պաշտօնական հաղորդագրութենէն վայրկեաններ անց ալ ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցները առաջնագիծէն նիւթեր կը հրապարակեն։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան։

«Ազրպէյճանի ՊՆ-ն պաշտօնապէս յայտարարած է «հակայարձակում» սկսելու մասին, որ կը փաստէ, որ գործողութիւնները շատոնց ծրագրաւորուած եղած են։ Տարրական գիտելիք ունեցող ցանկացած զինուորական պիտի փաստէ, որ հակայարձակման գործողութեան ծրագրաւորումը շաբաթներ կը տեւէ։ Աստիճանաւոր յարմակման մասին պաշտօնական հաղորդագրութենէն վայրկեաններ անց ալ ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցները առաջնագիծէն նիւթեր կը հրապարակեն, որ նոյնպէս կը փաստէ, որ Ազրպէյճանի ձեռնարկած սադրանքը նախապէս ծրագրուած էր»,- նշած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղարը։