Արցախի ՄԻՊ-ը Միջազգային Հանրութեան Կոչ Կ՝ընէ Չէզոքացնելու Պաքուէն Սպառնացող Վտանգները

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատական տալու ազրպէյճանական գործողութիւններուն, այն ալ՝ COVID-19 համավարակի պայմաններուն մէջ, եւ միջոցներ ձեռնարկելու Արցախի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներու կեանքին ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու չէզոքացման ուղղութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմէն։

«Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտեան Ազրպէյճանը լայնածաւալ օդային ու հրթիռահրետանային յարձակում սկսած է սահմանագիծի ողջ երկայնքով՝ թիրախ դարձնելով նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիական բնակավայրեր ու ենթակառուցուածքներ, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Առկայ են նաեւ քաղաքացիական զոհեր ու վնասներ:

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը խիստ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներու կոպտագոյն ոտնահարումը: Պաշտպանը կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատական տալու ազրպէյճանական գործողութիւններուն, այն ալ՝ COVID-19 համավարակի պայմաններուն մէջ, եւ միջոցներ ձեռք առնելու Արցախի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներու կեանքին ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու չէզոքացման ուղղութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: