HyeAid Lebanon-ի Դրամահաւաքի Եւ Թելեթոնի Աննախընթաց Յաջողութիւնը

Սփիւռք

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական խորհուրդը խորապէս երախտապարտ է իր բոլոր ազգակիցներուն,  «Մէկ ազգ, մէկ ապագայ» լօզունգով եւ HyeAid Lebanon անուան տակ կազմակերպուած դրամահաւաք-թելեթոնի ընթացքին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքին, որուն թագադրումը եղաւ երեք ժամուան թելեթոնը՝ կարելի եղաւ գոյացնել 1,375,555 տոլարի գումար մը: Արդէն իսկ ստացուած է նշեալ գումարին 85 տոկոսը, եւ լիայոյս ենք, որ մնացեալ խոստումները եւս կարելի կ՛ըլլայ գանձել:

Այսու կը տեղեկացնենք, թէ 500,000 տոլարի սկզբնական գումար մը արդէն իսկ փոխանցուած է Արամ Ա. վեհափառին յանձնարութեամբ հաստատուած Լիբանանահայութեան վերականգնումի յանձնախումբի յատուկ դրամատնային հաշիւին:

Դրամահաւաքի աշխատանքներուն ընթացքին կատարուած ընդհանուր ծախսերու գումարը (ներառեալ ընկերային ցանցերու վրայ զետեղուած գովազդներ, թելեթոնի պատրաստութեան եւ արտադրութեան ծախսեր, վարկային քարտի գործառնութեան ծախսեր, թելեթոնին վերաբերող այլեւայլ ծախսեր) 44,272 տոլար է:

Կ՛ուզենք հաստատել, որ ծախսերու այս գումարը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար, եթէ չըլլային մեր համայնքի կամաւորներու հսկայական օժանդակութիւնը: Անոնց անձնուրաց նուիրուածութիւնը ոգեշնչող եւ մեծապէս գնահատելի է:

Լիբանանահայութեան օգնելու գործին լծուած մեր համախմբուած համայնքը անգամ մը եւս եկաւ ցոյց տալու իր զգօնութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը՝ յանուն մեր ազգի բարօրութեան:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական խորհուրդը կու գայ վերահաստատելու իր եւ իր անդամ կառոյցներուն անվերապահ յանձնառութիւնը՝ իր գոյութեան իմաստն ու նպատակը հանդիսացող համահայկական օրակարգին, որուն անմիջական մէկ մասը կը կազմէ աջակցութիւնը ազգի բոլոր հատուածներու կարիքներուն՝ ամէնուրեք:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ

Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացեալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ