Արցախի Մէջ Լիբանանահայերու Հաստատման Հարցով Ազրպէյճան Դիմած Է Մինսկի Խումբին

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Արցախի մէջ լիբանանահայ ընտանիքներու հաստատման վերաբերեալ՝ զայն որակելով «ապօրինի վերաբնակեցում»։

Պաքու կը պնդէ, թէ Հայաստան, վարելով «ապօրինի վերաբնակեցման քաղաքականութիւն՝ կը փորձէ աւելցնել հայերուն թիւը գրաւուած տարածքներուն մէջ»։

Ազրպէյճան միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ «գործօն քայլերու ձեռնարկելու Հայաստանի կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար»։