Վանայ Լիճի Մակարդակի Նուազման Հետեւանքով Երեւան Եկած է Արճէշի Հայկական «Խորտակուած Բերդ»ը

Աշխարհ, Էրկիր

Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի նուազման հետեւանքով հայկական պատմական բերդ մը ի յայտ եկած է, կը հաղորդէ  «Էրմէնիհապեր»-ը։ 

Հին Արճէշը, որուն մէկ հատուածը այսօր կը կոչուի «Չելեբիբաղը”, 1841-ին Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով աստիճանաբար լքուած եւ ջուրի տակ մնացած էր: Յետոյ երաշտի պատճառով ջուրի մակարդակը նուազած էր եւ «խորտակուած քաղաքը»  ջուրի երես ելած է: Քաղաքին պատկանող շինութիւնները զգալիօրէն վնասուած էին 2011-ին Վանի երկրաշարժէն:

Թրքական «Yeni Şafak» թերթի փոխանցմամբ` այժմ կրկին երաշտի հետեւանքով լիճին մակարդակը 2 մեթրով նուազած է եւ տեսանելի դարձած են Արճէշի բերդի աւերակները: 

Թուրք հետազօտող-գրող Սելահաթթին Քոշարը թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ բերդին մէկ մասը պիտի վերականգնուի եւ վերածուի զբօսաշրջային կեդրոնի: 

Նշենք, որ Արճէշի հայկական բերդը կառուցուած է Վանի թագաւորութեան տարիներուն: 

Թուրքիոյ մէջ մինչեւ այսօր կը խօսուի Հին Արճէշի ամրոցի ներքին կառոյցներուն եւ պատմական մզկիթին մասին, երբ ընդհանրապէս չի քննարկուիր եկեղեցւոյ գոյութեան մասին: 

Յիշեցնենք, որ 18-րդ դարի երկրորդ կէսէն, Վանայ լիճի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով հին Արճէշը աստիճանաբար կ՛անցնի ջուրի տակ եւ 19-րդ դարի երկրորդ կէսէն այլեւս չէին երեւեր անոր շէնքերը, եկեղեցիները, բնակելի տուները եւ միւս կառոյցները: Միայն խիստ ալեկոծութիւններու ժամանակ, երբ լիճի ալիքները կը նահանջէին դէպի խորքերը, հազիւ կը նշմարուին անոր պաշտպանական պարիսպներուն ու անոնց աշտարակներու մնացորդները: Պատմական Արճէշը ջուրի տակ թաղուելէն ետք, անոնցմէ քիչ մը հիւսիս, աւելի բարձր վայրի մը մէջ կառուցած են Ականց անունը կրող (Նոր Արճէշ, թրքերէն` Էրջիշ) քաղաքը: