Ս. Պատարագ՝ Աղթամարի Մէջ

Աշխարհ, Էրկիր

«Այս եկեղեցին մեզի համար զօրութեան աղբիւր է, որովհետեւ անիկա միակ տաճարն է, որ կը շարունակէ կանգուն մնալ այս հողերուն վրայ»,- այս խօսքերով հայութեան իր խօսքը յղեց Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. պատրիարքը, որ նախագահեց Վանի Աղթամար կղզի­­ի Ս․ Խաչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով Սեպտեմբեր 6-ին մատուցուած Ս․ պատարագին։

Սահակ պատրիարքը իր քարոզին մէջ նաեւ նշեց, որ այս օրը հայութեան համար պատմական օր  է, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ Պոլսոյ պատրիարք մը կը հասնի Վանի Աղթամար կղզի եւ տօնական այս օրին պատարագ կը մատուցանէ Ս․ Խաչի տաճարին մէջ։

Դժբախտաբար համաճարակին պատճառով, այս տարի ուխտաւորներ եւ ժողովուրդ ներկայ  չգտնուեցան պատարագին, այդ պատճառաւ, ամբողջ արարողութիւնը սփռուեցաւ համացանցի վրայ:

Յիշեցնենք, որ Ս․ Խաչ տաճարը երկար տարիներ փակ մնալէ ետք, առաջին անգամ հաւատացեալներուն առջեւ վերաբացուեցաւ 2007-ին։