Փոքրիկ Հայաստան (1)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

–Իսկական փոքրիկ Հայաստան մըն է,–  ըսաւ խօսակիցս, երբ յայտնեցի, թէ Ճեմարան  պիտի ուսանիմ, այդպէս աւելի սրելով հետաքրքրութիւնս եւ օր առաջ սկսելու փափաքս:

Ու երբ հասաւ այդ օրը,  նկատեցի, որ Ճեմարան կը յատկանշուէր  նախ եւ առաջ Հայաստանի հողով ու ջուրով հաղորդ մարդոց կենդանի փաղանգով մը՝  դպրոցին մէջ թէ անոր անմիջական շուրջը:

Սիմոն Վրացեան:  Ասոնց ամենատիրականը եւ ուշագրաւը ինքն էր՝ տնօրէնը՝ Սիմոն Վրացեանը՝ Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը, ըլլալով հանդերձ միւս ճանչցածներուս մէջ ամէնէն անհաղորդը:

Ան Ճեմարան եկած էր շուրջ   տարի մը առաջ՝ յաջորդելու համար Լեւոն Շանթին, որ մեռած էր 1951-ի նոյեմբերին: Արդէն բաւական տարիքոտ էր, գոնէ  70-նոց մը, որուն հասնողը  բնական պայմաններու մէջ պէտք է վաղուց հանգստեան կոչուած ըլլար, սակայն մարդկային այդ  իրաւունքը  կանոնագրողը վստահաբար նկատի չունէր հայու այն տեսակը,   որ ինքզինք պարտաւոր  կը զգայ  մինչեւ վերջին շունչն ալ վազվզելու, մէկ կողմէ՝  պահելու համար իր գլուխը,  միւս կողմէ՝ պահելու համար իր ինքնութիւնը: Այս իմաստով ալ՝ Շանթի տարողութեամբ ու հնչեղութեամբ անհատականութեան մը բացը միայն Վրացեանի պէս մէկը կրնար գոցել, եւ ճիշդ այդ դերակատարութեան համար ալ ան  ովկիանոսներ կտրելով որոշ ուշացումով հասած էր  Ճեմարան:

Ես Շանթը չեմ ճանչցած, ո՛չ ալ անշուշտ Աղբալեանը, որ միայն վեց տարի առաջ հեռացած  էր Ճեմարանէն ու կեանքէն,  մինչ Վրացեանը հինգ տարի շարունակ ունեցայ առօրեայիս մէջ, բացի այն  ընդմիջումներէն, ուր ան ստիպուած կ’ըլլար  հիւանդանոց մտնելու՝ դարմանելու համար աչքերը, որոնք մինչեւ վերջ ալ գոհացուցիչ արդիւնքի չհասան:

Անշուշտ ըսելու ձեւ մըն է «առօրեային մէջ ունենալ», քանի ոչ մէկ շփում կը հաստատուէր անոր հետ:  Առաւելագոյնը  այն կ’ըլլար, որ բակին մէջ  բախտով առանձին դէմդ ելլէր եւ պարտաւորուած ըլլայիր բարեւելու զինք եւ ստանալու իր  մեղմիկ ողջոյնը՝ շուրթերու անլսելի  շարժում մը,  որուն երբեմն կ’ընկերանար ծանր գլուխն ալ   կամ ժպիտ մը:  Ու այսչափ միայն: Ժամանակին մնացեալ մասը ան  կ’անցընէր պտտելով բակին մէջ կամ աւելի թիւ 1 շէնքի առաջին յարկի գրասենեակին մէջ,  եթէ յանկարծ չգերեվարուէր մանկապարտէզի  փոքրիկներէն, որոնց հետ  մտերմացած էր,  եւ ջուրերը շատ  լաւ կը քալէին.  անոնք համարձակ կը մօտենային  ու «պապիկին ձեռքէն բռնած ման կու գային» Ճեմարանի պարտէզներուն մէջ:

Թիւ 1 շէնքը ունէր գետնայարկ մըն ալ, որուն մէկ մասը  իբրեւ խորդանոց կը ծառայէր  անմիջական գործածութենէ դուրս մնացած  զանազան առարկաներու, որոնք այնտեղ կը նետուէին ու կը կուտակուէին, իսկ մնացեալ մասը յարդարուաած էր իբրեւ հաւաքական սեղանատուն, որ օժտուած էր   Ս  տառի ձեւով՝   միակտուր եւ շատ ցած կառուցուած հաւաքական սեղանով  մը եւ համապատասխան նստատեղերով: Այստեղ  կը ճաշէին կէսօրին տուն չգացողները:

Դպրոցը ճաշող  աշակերտը  առտուն ճաշամանը կը դնէր  սեղանին վրայ, ի՛ր տեղը:

Կէսօրուան մօտ մայրիկները կը բանային այդ ճաշամանները եւ կը ստուգէին. եթէ տաքցնելիք բան մը կար՝ կը տաքցնէին,– այնպէս որ ամէն ոք տաք կ’ուտէր իր կերակուրը, ինչպէս սեփական տանը մէջ պիտի ուտէր   հարազատ մօրը պատրաստածը:

Մենք հազիւ ուտել կը սկսէինք, երբ Վրացեան կը մտնէր սեղանատուն  եւ առաջին աշակերտէն մինչեւ վերջինին ետեւ մէկ առ մէկ կանգ կ’առնէր, պարթեւ հասակը երկուքի ծալած՝ յաղթահարելու համար  տեսողական դժուարութիւնը,  ու բծախնդրօրէն աչքէ կ’անցընէր  կերակուրդ: Ոչ մէկս զանց կ’ընէր: Անշուշտ քիչ մը   կ’ամչնայինք ցուցադրելու  մեր բերած ուտեստեղէնը, որ մաս կը կազմէր տնային համեստ ճաշացուցակի մը՝ լուբիա, փիլաւ, ոսպ, թանապուր եւ նմանները:

Ոչինչ կ’ըսէր, ու երբ կ’աւարտէր,  գոհունակ կը հեռանար՝ վերադառնալու համար միւս օրը կամ յաջորդ օրը, եւ այսպէս տարին ամբողջ, ապա միւս տարին ու շարունակ:

Օրին, ի՛նչ մեղքս պահեմ, ոչինչ հասկցած էի, ոչ ալ ուրիշ «հասկցողի» հանդիպեր էի: Պէտք եղաւ, որ աւելի  հասուննամ, կարդամ իր գիրքերը, մասնաւորաբար «Կեանքի ուղիներով»-ը, վերահասու դառնալու համար Հանրապետութեան տարիներու դաժանութեան մէջ  անօթութեան ու սովի մատնուած հայ մանուկներու ու որբերու  զրկանքներուն, որոնց անդոհանքէն չէր յաջողեր ազատիլ, եւ հիմա կ’ուզէր անձամբ,–  աչօք բացօք,– հաստատել, թէ իր աշակերտները պարկեշտօրէն կշտանալու չափ ուտելիք ունէի՞ն:

Կը յիշեմ մինչեւ անգամ, որ զանազան առիթներով, երեկոյեան արձակուելէ առաջ, տիկին Գոհարը այս կամ այն աշակերտին,– յատուկ սերտուած,–  փսփսացած ըլլար, որ  զինք տեսնէր՝ անոր յանձնելու համար ծրար մը, որուն մէջ կը գտնէիր քանի մը կտոր հագուստեղէն՝ տաբատ, բաճկոն, շապիկ, փէշ, բաճկոնակ, վերնազգեստ    եւ այլն:

Այս բաները, որքան տեղեակ եմ, պատահած են միայն Վրացեանի օրով:

Այսքանը՝ իբրեւ մարդ:

*   *   *

Անտեղի պիտի չըլլար անդրադառնալ նաեւ հետեւեալին:

Վրացեանի օրով եւ թելադրանքով է, որ ճեմարանականները աղօթել սորվեցան,– եթէ սորվեցան,– մինչ Շանթի օրով մտքի աւելորդ ու անօգուտ մարզանք մը նկատուած էր ան:

Շանթ վաւերական անաստուած  մըն էր…

Ուրեմն ամէն վերամուտի Մուշեղ Իշխան, ձեռքը թերթիկ  մը բռնած,  կը շրջէր դասարանները  եւ գրատախտակին վրայ կը գրէր Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»-ը, եւ «Առաւօտ լուսոյ»-ի առաջին չորս տուները՝ միշտ թուղթին նայելով, որովհետեւ  ինք  եւս գոց չէր գիտեր անոնց բառերը: Աշակերտները ստիպուած էին ընդօրինակելու աղօթքները եւ…գոց սորվելու, որպէսզի առաւօտները  խմբովին երգէինք զանոնք՝ ամէն ագամ մէկէն մէկը միայն,  ու յետոյ դասարան մտնէինք:

Առաջին նուագ շատ զարմացայ, որ քաղաքաբնակ ընկերներս այս քանի մը  տողերը գոց չէին գիտեր, շատ աւելի զարմացայ, երբ զգացի որ Մուշեղ Իշխան ի՛նք եւս  չէր գիտեր: Է՜հ, զտարիւն ճեմարանական մըն ալ ինք  չէ՞ր: Մինչդեռ Ազգային վարժարանէ եկողներուս համար այնքան սովորական էին անոնք, քանի  մեր դպրոցներուն մէջ  միշտ ալ երգած կամ արտասանած ենք այդ երկուքը եւ ուրիշներ՝ «Ճաշակեսցուք»-ը, «Հաւատով խոստովանիմ»-ը: Այնտեղ մեր օրը կը սկսէինք «Առաւօտ լուսոյ»-ի առաջին վեց տուներով՝ բառերուն հետ  կամաց-կամաց իւրացնելով անոնց իմաստները եւս, իսկ անոնք որ դպիր եղած էին,– ինչպէս ես,– գիտէին շատ աւելին. ես հեզասահ կ’արտասանէի  Շնորհալիի  այդ գոհարին 36 տուները եւ մինչեւ հիմա ալ անսայթաք ու խոր  սքանչացումով կ’արտասանեմ, վասնզի տարիներ շարունակ այդ 36 տուներով սկսած ենք կիրակնօրեայ ժամերգութիւնը, որուն կը յաջորդէր պատարագը:

Աւելցնեմ, որ Շանթ՝ պոլսեցի,  եւ Վրացեան՝ նորնախիջեւանցի,   աշակերտած են Էջմիածնի նոյն Գէորգեան ճեմարանին.  եւ ի տարբերութիւն Վրացեանի,  Շանթ  տակաւին Կոմիտասը ունեցած է իբրեւ դասընկեր:

*   *   *

Վրացեանի անունով դասապահ նշանակուած չէր:

Քանի մը անգամ տարտամօրէն լսած եմ, թէ «քաղաքացիական կրթութիւն» պիտի դասաւանդէ կամ կը դասաւանդէր.  իմ տարիներուս ոչ մէկ անգամ նման դասաւանդութեան ականատես եղած եմ եւ չեմ ալ գիտեր, թէ ի՛նչ կը ն շանակէ  այդ կրթութիւնը: Բայց պատահած է, որ բացակայող ուսուցիչի մը փոխարէն ինք հսկողութիւն ստանձնէր: Լաւ կը յիշեմ ատոնցմէ մէկը:

Ընդհանուր ազգաց պատմութեան պահն էր: Տեղեակ էինք, որ ուսուցիչը անհանգիստ է եւ դպրոց եկած չէ: Է՜հ,  կարելի՞ էր…չուրախանալ՝ թէկուզ առողջութիւն մաղթելով անոր:

Փոխարէնը եկաւ Վրացեանը:

Անշուշտ բոլորս ալ համոզուած էինք, որ  ազատ պիտի ըլլայինք «մեր ուզածը ընելու»:

Այդպէս չեղաւ սակայն:

–Ի՞նչ է ձեր այսօրուայ դասը,–   անակնկալօրէն հարց տուաւ մեղմ ձայնովը:

Հին Եգիպտոսի փարաւոնական 17-րդ հարստութիւնը (dynastie)…

–Ձեզնից ո՞վ կ’ուզէ պատմել,– շարունակեց՝ քիչ մը ամէն կողմ պտտցնելով  տկար աչքերը ու փնտռելով կամաւոր զոհ մը, որուն յայտնութիւնը ցաւագինօրէն կ’ուշանար` բնաւ ալ ի յայտ չգալու համար:

Ան անշուշտ շատ լաւ ըմբռնեց կացութեան էութիւնը:

Եւ սկսաւ անձամբ ինք պատմել…

Բերնէն կախուած մտիկ կ’ընէինք. կարծես աշխարհիկ վերջին ու նորագոյն լուրերը սփռող խօսնակ մը ըլլար, այնքան թարմութիւն ու կենդանութիւն կը դնէր պատումին մէջ. Նեղոսը մեր ոտքերուն քովէն գլգլալով հոսող  զուլալ առուի մը վերածուեցաւ, մոմիաները շունչ ու կենդանութիւն ստացան ու պատմեցին իրենց անցաւոր կեանքի դրուագները,   բուրգերը դարձան մէկական պատմական դղեակներ,  ուր հաճելի պիտի ըլլար նստիլ  ու զրուցել անոնց քնացող հազարամեայ բնակիչներուն հետ, հարցնել Թութ Անխ Ամոնին, թէ ինչպէ՛ս պատահած է իր անժամանակ մահը…

Տիկին Գոհարին զանգը հնչեց՝ իմացնելու համար պահին աւարտը:

Այսքան շո՞ւտ…

Հիմա, տասնամեակներ ետք, չեմ վարանիր հարց տալու, թէ ո՞ւր եւ ե՞րբ կրցած էր այդքան գիտելիք կուտակել ու այնքան այժմէական ու կենդանի կրել անոնց օժիտը իր մէջ՝ համալսարանի  պատմութեան ամպիոնի դասախօսի մը ձեռնհասութեամբ:

*   *   *

–Վարչապետութենէն վարժապետութեան անցայ,– ըսած է տեղ մը «Կեանքի ուղիներով»-ին մէջ,– եթէ չեմ սխալիր,– ակնարկելով իր նորագոյն ասպարէզին:

Մինչդեռ կարելի է շրջել այս սրամտութեան ժամանակագրութիւնը:

Վրացեան վարժապետութենէ՛ն վարչապետութեան անցած պէտք է ըլլայ, քանի  իր մէջ շատ աւելի կանուխէն ու շեշտուած կրած է վարժապետի կոչումը, սակայն պայմանները այնպէս դասաւորեր էին, որ լռութեան մատնէր առաջինը եւ կեանքի հարկադրանքին  յանդիման որոշէր  նախ «վարչապետ դառնալ». այս բառակապակցութեամբ ան կը բնորոշէր իր աշխարհիկ-քաղաքական ամբողջ գործունէութիւնը,  որ բնաւ դադար չունեցաւ:

Այլ տեղ մը չի վարանիր դառնութեամբ խոստովանելու, թէ ինչո՛ւն էր պէտք քաղաքականութիւնը, երբ իր կոչումով մտաւորական աշխատանքի ու արտադրութեան համար նախասահմանուած էր:  Եւ այս իրողութեան  կենդանի վկաներն են այն պատկառելի գործերը, որ  արտադրած է, երբ քիչ մը ժամանակ ունեցած է «գլուխը քերելու». անոնք կը կոչուին՝ «Հայաստանի Հանրապերտութիւն», «Հին թղթեր նոր պատմութեան համար», «Անձինք նուիրեալք»,  «Կեանքի ուղիներով» (վեց հատոր), որոնց վրայ պէտք է աւելցնել անհամար յօդուածները[1], ինչպէս նաեւ  «Վէմ»-ի վեց  հաստափոր հաւաքածոները: Ասոնք միայն փշրանքներ են այն բոլորէն, որ կրնար տալ ու չտուաւ:

Եւ ան միակը չէր, որ իր նախասիրութիւններուն վրայ քար մը դնելով կը հարկադրուէր ազգային-քաղաքական ասպարէզը ընդգրկել: Բախտակիցներէն նմուշի համար յիշենք գոնէ Աղբալեանը, որուն կեանքը իր կարգին դառն երկփեղկում մը եղաւ, եւ ինչպէս կը սիրէր ըսել. «Սուրը չձգեց որ երգիչ դառնար,  գրիչը չձգեց որ մարտիկ դառնար»: Վկայ՝  ազգային- քաղաքական գործունէութիւնը, որ զինք մղեց մինչեւ անգամ զէնք կրելու Կամաւորական շարժումի ծիրէն ներս, ապա  մինչեւ նախարարութեան հասցուց, միւս կողմէ՝ անոր մանկավարժական գործունէութիւնը եւ  գրական ու բանասիրական այն վաւերական վաստակը, որ բացայայտօրէն ցոյց կու տայ, թէ ո՛րն էր Աղբալեանի իսկական կոչումը:

Եւ   քանի-քանի  այսպիսի ուրիշներ իրենց կարգին:

Անպատմելի ափսոսոնաքը անոնց, որոնք ծնած էին գրիչ բռնելու համար, իսկ կեանքը հարկադրեց, որ սուր բռնեն:

[1] Նախաճաշակ մը ունենալու համար, թէ ի՛նչ որակ ունէին անոր յօդուածները, կը թելադրեմ կարդալ Արփիարեանին նուիրածը («Հայրենիք»,   սեպտեմբեր 1931, էջ 79–96):