Նախագահ Սարգսեան Համաշխարհային Վեհաժողովին Յիշեցուց «Քորոնա»-ի Օրերուն Ազրպէյճանի Սադրիչ Գործողութիւնները

Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Արտադրութեան եւ արդիւնաբերութեան համաշխարհային վեհաժողովին` խօսելով «Քորոնա» ժահրին, աշխարհին մէջ տիրող անորոշութիւններուն, փոխուող աշխարհին մասին, անգամ մը եւս յիշեցուց, որ այն փուլին, երբ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ազրպէյճան կը պայքարէին «Քորոնա» ժահրին դէմ, Ազրպէյճան ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկեց Հայաստանի հետ սահմանին վրայ:

Առցանց կայացած վեհաժողովը կազմակերպուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ ՄԱԿ-ի արդիւնաբերութեան զարգացման կազմակերպութեան (UNIDO) համանախագահութեամբ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ վեհաժողովի` «Յետհամավարակային աշխարհին մէջ բարգաւաճման վերականգնումը» խորագիրով քննարկման: Հանրապետութեան նախագահը խօսեցաւ «Քորոնա» ժահրին եւ այդ գծով իր մտահոգութիւններուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ մարդիկ կեդրոնացած են մեծ քաղաքներու մէջ, կան բոլոր պայմանները, որ ժահրը աւելի արագ տարածուի: Սարգսեանի համաձայն, «Քորոնա»-ն մեր շուրջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետեւանքն է, եւ ոչ թէ պատճառը`  հաստատելով, որ աշխարհը կը փոխուի:

«Անորոշութիւններու ժամանակի մէջ, եթէ դուն կորսնցնես մարդկային արժանապատուութիւնդ կամ մարդկութիւնդ, շատ դիւրին է դառնալ այլատեաց, շատ դիւրին է մեղադրել ուրիշները  քու ձախողութիւններուդ համար: Եւ ես հիմա աշխարհին մէջ կը տեսնեմ առկայութիւնը այնպիսի խնդիրներու, որոնք կը պատահին, քանի որ մենք անցումային փուլի մէջ ենք: Բոլորովին վերջերս, երբ Հայաստան կը պայքարէր «Քորոնա» ժահրին դէմ, եւ մեր դրացի Ազրպէյճանը եւս կը պայքարէր այս ժահրին դէմ, Ազրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ սկսաւ ռազմական գործողութիւններու: Հոս ո՞ւր է առողջ բանականութիւնը», հարց տուաւ հանրապետութեան նախագահը:

Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ այդ շրջանին եւս Թուրքիոյ կարծր հռետորաբանութեան: «Ատիկա եւս կ՛անհանգստացնէ զիս` իբրեւ Հայաստանի նախագահ, քանի որ ատիկա զիս կը վերադարձնէ 105 տարի ետ, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ: Եւ զիս աւելի ու աւելի շատ կ՛անհանգստացնէ այն,  որ ազրպէյճանցի որոշ պաշտօնեաներ կը խօսին Հայաստանի հիւլէական կայանը հարուածելու մասին, որ չլսուած բան է: Հայկական հիւլէական կայանը հարուածելը պիտի վնասէ ո՛չ միայն Հայաստանին, այլ նաեւ բոլորին, բոլոր դրացիներուն` Վրաստանին, Ազրպէյճանին, Թուրքիոյ: Եւ ատիկա պիտի ըլլայ այլ «Չեռնոպիլ» մը շրջանին մէջ», դիտել տուաւ նախագահը:

Ան յոյս յայտնեց, որ այս անցումային փուլին մարդկութիւնը չկորսնցնէ իր առողջ բանականութիւնը: