Տաւուշեան Մարտերու Զինծառայողներ եւ Հրամանատար Մը Պիտի Պարգեւատրուին

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Facebook-ի իր էջին միջոցով կը յայտնէ, թէ այսօր ստորագրած է Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած կարեւոր  միջնորդութիւն եւ այդ առիթով հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։

«Տաւուշեան յաղթական մարտերու աշխոյժ դերակատարներէն 16 զինծառայող ներկայացուցած եմ «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի, 55 զինծառայող՝ «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրման։

Իսկ հրամանատար Ռուբէն Սանամեան՝ Ազգային հերոսի կոչման՝ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրման։ Քիչ առաջ նաեւ պատիւ ունեցայ Սանամեանի հետ հանդիպելու։

Ասիկա գնահատանքի իրապէս արժանի տուրք է Տաւուշեան յաղթական մարտերու բոլոր մասնակիցներուն, Հայոց բանակի բոլոր զինուորներուն, սպաներուն, զօրավարներուն։

Հին եւ նոր ժամանակներու մեր բոլոր հերոսներուն, մեր բոլոր նահատակներուն, որոնք իրենց օրինակով ոգեշնչեցին մեր նորօրեայ հերոսները, որոնց կողքին ապրելու պատիւը կը վայելենք այսօր։

Փա՜ռք Հայոց բանակին»,- գրած է վարչապետ Փաշինեան։