Չիրականացուած Ծրագրերու Պիւտճէն Ուղղորդել Պէյրութի Հայ Համայնքի Խնդիրներու Լուծման. Էվելինա Պաղտասարեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայոց Սփիւռքի կեդրոնը՝ Պէյրութը, աղէտի մէջ յայտնուեցաւ։ Աշխարհի տարբեր մասերէն օգնութեան ձեռք կը մեկնեն մտահոգ հայրենակիցները: Ինքնաթիռներով առաքուած մարդասիրական օգնութիւնը իրականացուած է միջպետական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս: Ինչ կրնայ ընել պետութիւնը՝ լուծելու համայնքին խնդիրները:

Սփիւռքի գործերով Յանձնակատարի գրասենեակը, ըստ էութեան, համավարակի հարուցած խոչընդոտներու, անգործունակութեան, կամ այլ պատճառով իր պիւտճէի կատարողականը ներկայ դրութեամբ չէ կրցած ապահովել: Գրասենեակը պէտք է իրականացներ ընդամէնը հինգ ծրագիր, որոնցմէ դեռ միայն ձեւափոխուած tuning-ի ենթարկուած  «Արի տուն» ծրագիրը կը փորձէ իրականացնել, այն ալ առցանց տարբերակով:

Առաւելապէս կ’ուզեմ անդրադառնալ Սփիւռքի գործերով յանձնակատարի գրասենեակի «Ի գործ» կոչին, որ լաւ կ’ըլլար նախ՝ ուղղուած ըլլար նոյն գրասենեակին: Փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ է այդ ծրագիրը, եւ կա՞յ արդեօք անոր իրականացման անրաժեշտութիւնը:

 Խոնարհելով  ուսումնատենչ հայ երիտասարդներու տաղանդին ու հայրենիքը շէնցնելու պատրաստակամութեան առջեւ, խորապէս հաւատալով, որ արտերկրի մէջ ուսում ստացող երիտասարդները կը վերադառնան հայրենիք, կամ կը մասնակցին երկրի յառաջընթացի գործին, այնուամենայնիւ փորձենք հասկնալ, թէ հնարաւո՞ր է, որ հարիւր անփորձ, համալսարանը նոր աւարտած երիտասարդներ գան աշխարհի չորս ծագերէն ու փրկեն Հայաստանի իշխանութիւնը անարդիւնաւէտութենէն, քատրային սովէն, պիւտճէն մսխելու տարերքէն, տանջալից յօրանջէն, հարկատուի վրայ ծանր նստող անվերջանալի սխալներէն ու զանոնք խմբագրելէն, անտրամաբանութեան ցեցէն, աննախադէպ երեւնալու մոլուցքէն:

 Գուցէ հարիւր ջահելները կու գան փրկելու իշխանութիւնը նոյն իշխանութենէն: Իսկ գուցէ այս իշխանութեան վառելիքը սպառա՞ծ է, եւ անոր պէտք են նոր համաշխարհային լիցքեր, նոր յեղափոխութիւն՝ յեղափոխականներու շրջանակին մէջ, նոր երանգներ։ Գուցէ պէտք է նոր «դմփ-դմփ հուերով» նոր «դուխ» հաղորդեն հոգեվարքի մէջ յայտնուած անկարող իշխանութեան: Հեռու ըլլալով դաւադրութիւններու տեսութենէն, այնուամենայինիւ հարցնենք. իսկ գուցէ ուրիշ, մութ ու թաքուն նպատակներու համա՞ր կը բերուին, Աստուած գիտէ: Այս հարցերը չէին ծագեր, եթէ Զարեհ Սինանեանն ու իր խումբը տային Հայաստանի եւ Սփիւռքի հանրութեան յուզող հարցերուն պատասխանները, աշխատէին բաց ու թափանցիկ: Պետական կառոյցը, որ կը գործէ մէկ տարիէն աւելի եւ իբր կ’աշխատի աշխարհասփիւռ հայութեան հետ, պաշտօնական կայք չունենալով՝ իր Facebook-ի էջին միջոցով կը մեկնաբանէ, թէ սփիւռքահայ երիտասարդները պիտի գան, որ ցնցեն պետական համակարգը: Այսպիսի լեզուամտածողութիւնը պաշտօնական լրատւութեան մէջ աննախադէպ է: Յուսամ, երբ կազմեն հարիւր կամ հազար աննախադէպերու ցանկ, ասիկա եւս կ’ընդգրկեն: Իսկ գրասենեակի ղեկավար,  մասնագիտութեամբ իրաւաբան Սառա Անճարգոլեան, որ ութ տարի աշխատած է ամերիկեան տարբեր պետական կառոյցներէ ներս ու յանկարծ պայծառատես առաքեալի վճռականութեամբ եկած է փրկելու հայրենիքը, նոր Հայաստան կառուցելու, կը յայտարարէ, որ հարիւր երիտասարդները պիտի գան նոր համ ու հոտ բերեն։ Ըստ անոնց տրամաբանութեան՝ Հայաստանի հարիւրաւոր ու հազարաւոր գործազուրկ երիտասարդներ ալ պէտք է երկրէն երթան եւ ուրիշներուն պարգեւեն իրենց տաղանդն ու գիտելիքները, համուհոտը, ի դէպ, անոնցմէ շատեր արդէն այդ դուրսի նշանաւոր համալսարաններու շրջանաւարտներ են: Թող ներեն զիս այն խանդավառ երիտասարդները, որոնք կու գան փրկելու իշխանութիւնը կառավարման խոր ճգնաժամէն:

Եկէք մէկ կողմ դնենք բոլոր ենթադրութիւններն ու կասկածները եւ կատարենք քանի մը պարզ թուաբանական գործողութիւն: Եւ այսպէս՝ Սփիւռքի գործերով յանձնակատարի գրասենեակին այս տարի պիւտճէէն յատկացուած է 750 միլիոն դրամ՝ ծրագրերու եւ 450՝ պահպանման ծախսերու համար: Գումարին չափը պատկերացնելու համար համեմատենք Սփիւռքի նախարարութեան պիւտճէին հետ, որուն ծրագրային պիւտճէն տարին միջինը 900 միլիոն դրամ էր, իսկ պահպանման ծախսերը 600։ Այստեղ պէտք է նկատի ունենալ, որ նախարարութիւնը կ’իրականացնէր 25 ծրագիր, իսկ յանձնակատարի գրասենեակը՝ ընդամէնը հինգ ծրագիր, նախարարութիւնը կ’ունենար 90-100 աշխատող, յանձնակատարի գրասենեակը՝ 30- 40 , օրինակ՝ «Արի տուն» ծրագրի պիւտճէն տասը տարուան ընթացքին տատանուած է 35-100 միլիոնի սահմաններուն մէջ, իսկ նոյն ծրագրի tuning-ի՝ «Քայլ դէպի տուն» 2020 ծրագրի պիւտճէն կազմած է 140 միլիոն դրամ: Բայց այստեղ ամենահետաքրքրականը «Ի գործ» ծրագրի պիւտճէի ձեւաւորման պատմութիւնն ու տրամաբանութիւնն է: Ինչպէս կը մեկնաբանէ Սառա Անճարգոլեան, ի սկզբանէ պիւտճէէն պահանջուած է 90 միլիոն դրամ՝ քսան երիտասարդ շրջանաւարտ Հայաստան բերելու եւ իրենց չունեցած փորձով երկրի անկատար պետական համակարգը կատարելագործելու համար: Սակայն, քանի որ դիմումները շատ եղած են, դիմած  է 800 երիտասարդ, գրասենեակը որոշած է երիտասարդներուն թիւը հասցնել հարիւրի, իսկ ծրագրի պիւտճէն, ուշադրութիւն՝ 455 միլիոն դրամի: Ասիկա կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր երիտասարդի վրայ պիտի ծախսուի 4,5 միլիոն դրամ:

Ուրեմն՝ եթէ, ինչպէս դասականը կ’ըսէր, առաջնորդուէինք այդ տրամաբանութեամբ, Մխիթար Հայրապետեանը պէտք է ունենար հարիւր մամլոյ քարտուղար, քանի որ Եւրոպայի ամենաերիտասարդ նախարարը (ատիկա իր բնորոշումն է), երբ բազմեցաւ Հրանոյշ Յակոբեանի գահին, սիրտը արտասահմանէն եկած մամուլի քարտուղար ուզեց, եւ ան համաշխարհային մրցոյթ յայտարարեց։ Ինչպիսի՜ զուգադիպութիւն. աշխարհի բոլոր կողմերէն դիմեցին ճիշդ այդքան՝ 800 երիտասարդ աղջիկներ: Գուցէ շնորհակալութիւն  յայտնե՞նք Մխիթար Հայրապետեանին, որ այդ տրամաբանութեաբ չառաջնորդուեցաւ եւ չընտրեց հարիւր մամուլի քարտուղար:

Հիմա վերադառնանք թուաբանութեան, այսպիսով՝ պիլոտային, չփորձուած, որեւէ կերպ արդիւնք չարձանագրած «Ի գործ» ծրագրին պիւտճէէն լրացուցիչ յատկացուեցաւ 365 միլիոն դրամ  եւ գրասենեակի  ծրագրային պիւտճէն դարձաւ մէկ միլիառ եւ 115 միլիոն դրամ:

Հիմա պէտք է պաղ ջուր լեցնեմ գրասենեակի ղեկավարներու ոգեւորութեան վրայ, որոնք հպարտութեամբ կ’ազդարարեն, որ Հայաստանի պատմութեան մէջ, հաւանաբար նկատի ունին Տիգրան Մեծէն առ այսօր, նման ծրագիր չէ իրականացուած: Հիասթափեցնելով ըսեմ, որ նախարարութիւնը դեռ նոր ստեղծուած էր, երբ ՄԱԿ-ի Զարգացման հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ իրականացուեցաւ «Թոք թեն» ծրագիրը, որ, ի դէպ, կառոյցը տարբեր երկիրներու մէջ կ’իրականացուի 1980 թուականէն: Ծրագրի ծիրէն ներս՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ ԱՄՆ, Ռուսիա, Սուրիա, Չեխիա, Լիբանան, վեց փորձագէտ ներգրաւուեցաւ նախարարութեան աշխատանքներուն մէջ: Անոնցմէ երկուքը աշխատանքի ընդունուեցան նախարարութեան մէջ, միւսները շարունակեցին համագործակցիլ, եւ ատիկա ո՛չ թէ պիւտճէի հաշուին, այլ՝ ՄԱԿ-ի ծրագիրով, որ առատօրէն կը վարձատրէր մեր հայրենակիցները, մրցոյթն ալ իրենք կազմակերպած էին: Յետագային, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր համալսարաններէ բազմաթիւ ուսանողներ գործնական դասեր անցուցին նախարարութեան մէջ: Երկրորդ նման ծրագիր իրականացուեցաւ Կարէն Կարապետեանի վարչապետութեան օրօք, Եւրոմիութեան ֆինանսաւորմամբ։ Անիկա «Ես Արմենիա» ծրագիրն էր, որուն ծիրէն ներս դարձեալ Սփիւռքի եւ Հայստանի քսանմէկ երիտասարդներ մասնակցեցան պետական կառավարման արդիականացման գործընթացին: Նախատեսուած էր յաջորդ փուլին ծրագիրը իրականացնել մարզերէն ներս, բայց իշխանափոխութենէն ետք, թաւիշի մէջ կորսուեցաւ-անհետացաւ այդ ծրագիրը, փոխարէնը յեղափոխական գլուխներու մէջ ծնաւ Հայաստանի պիւտճէի հաշուին նման թանկարժէք ծրագիր իրականացնելու գաղափարը:

Դառնանք ծրագրի արդիւնաւէտութեան՝ օրինակ բերելով երկու ամերիկեան ԲՈՒՀ աւարտած Զարեհ Սինանեանի աշխատանքի արդիւնաւէտութենէն ընդամէնը մէկ դրուագ. գացած է կառավարութիւն՝ վարչապետին ներկայացնելու «Ի գործ» ծրագիրը: Մէկ անգամէն երկուքով մտան Live, եւ ծրագրի չափորոշիչներու, պայմաններու, պահանջներու եւ այլնի մասին վարչապետի հարցերուն ան պարզապէս չունէր պատասխաններ, անտեղեակ էր, կամ ակնյայտ էր, որ դեռ այդ ծրագիրը հում էր, անկատար ու անմշակ: Ես ապշեցայ, կառավարման ոլորտէն ներս նման փնթի, ոչ մասնագիտական աշխատանք անհնար էր պատկերացնել: Ատիկա կառավարման անարդիւնաւէտ աշխատանքի աննախադէպ օրինակ էր, master class, թէ ինչպէս կարելի չէ աշխատիլ: Հիմա հարց. եթէ այսպիսի արդիւնաւէտութեան մասին կը խօսուի, ուրեմն Հայաստանին պէ՞տք է արդեօք նման ծրագիր, այն ալ համավարակի պայմաններուն մէջ եւ անոր հարուցած բազում խոչընդոտները յաղթահարելու ճանապարհով:

Միանալով իմ նախկին գործընկերներէն մէկուն՝ Անոյշ Պեժանեանի առաջարկին եւ լրացնելով զայն, կ՝ուզեմ առաջարկել ՀՀ իշխանութիւններուն, որ կա՛մ հրաժարին այդ ծրագիրէն, կամ իրականացնեն պիլոտային ծրագիր՝ բերելով ո՛չ թէ հարիւր, այլ տաս-տասնհինգ շրջանաւարտ: Փոխարէնը չորս հարիւր միլիոն դրամ կրնան տրամադրել Պէյրութի հայ համայնքի հոգեւոր, մշակութային կառոյցներու, կրթօճախներու, լրատուամիջոցներու վերականգնման, հայրենադարձութեան կազմակերպման: Աւելին, իշխանութիւնը կրնայ աւելցնել այդ գումարը, «Քայլ դէպի տուն» ծրագրին յատկացուած գումարի հաշուին, որ ըստ էութեան համավարակի պատճառով չէ կայացած, աւելի ճիշդ, կայացած է առցանց եղանակով: Նոյն իրավիճակն է նաեւ միւս ծրագրերու կատարողականներուն առումով: Յոյսով եմ, որ իբրեւ արդիւնք՝ Սփիւռքի գործերով յանձնակատարի գրասենեակին յատկացուած մէկ միլիառ 115 միլիոն դրամի մեծագոյն մասը խնայուած է, եւ անիկա պիտի չերթայ պարգեւավճարները ճոխացնելու ուղղութեամբ: Տոլարով արտայայտուած ատիկա մօտ 2 միլիոն 300 հազար տոլար է, բաւական պատկառելի գումար: Կ՝առաջարկեմ այդ գումարի զգալի մասը՝ մէկ-մէկուկէս միլիոն տոլարը, ուղղորդել աղէտի մէջ յայտնուած Պէյրութի հայ համայնքի խնդիրներու լուծման, կամ այդ գումարով կազմակերպել առաւել ծանր վիճակի մէջ յայտնուած լիբանանահայերու հայրենադարձութիւնը՝ բաւարարելով անոնց կարիքները եւ ընդելուզելով զանոնք: Այն ատեն, ատիկա հայրենի պետութեան կողմէ կ՝ըլլայ աննախադէպ աջակցութիւն Սփիւռքին, հայրենադարձութեան կազմակերպման: